Պրազիլի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Ներկայացուց Իր Հրաժարականը
ՌՈՅԹԸՐԶ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռիքարտօ Թեքսէյրա ներկայացուց իր հրաժարականը: 64 տարեկան նախագահը յայտնեց, որ այդ քայլին դիմեց առողջական պատճառներով:
Սակայն ըստ մամուլին, ան իր հրաժարականը տուաւ նկատի ունենալով, որ ան ամբաստանուած է կաշառակերութեան յանցանքով:
Հակառակ անոր որ թեքսէյրա վերջին տարիներուն կը նկատուէր Պրազիլի ֆութպոլի զօրաւոր անձերէն մէկը, սակայն վերջին շաբաթներուն ՖԻՖԱ-ին հետ անոր յարաբերութիւնները սկսած էին վատթարանալ:
Նախկին քաղաքական անձնաւորութիւն մը` Ժոզէ Մարիա Մարին (79 տարեկան), փոխարինեց Թեքսէյրան: Ան մինչեւ 2015 պիտի մնայ այդ պաշտօնին վրայ, երբ Թեքսէյրայի պաշտօնավարութեան ժամանակը պաշտօնապէս աւարտի:
CATEGORIES Մարզական