Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ – ՀՄԸՄ Պէյրութ Երկրորդ Մրցումը

Շանվիլ - Ռիատի Պէյրութ մրցումէն (PROFOTO)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Անթունիէ – ՀՄԸՄ Պէյրութ երկրորդ մրցումը, առաջինին դաշտին վրայ (Պաապտա):

Իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ 2011-2012 տարեշրջանը պիտի աւարտէ երրորդ դիրքին վրայ:

Նշենք, որ այսօր տեղի պիտի ունենայ նաեւ Թըպնին – Ամշիթ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը: Ամշիթ այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ:

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Շանվիլ – Ռիատի երկրորդ մրցումը: Շանվիլ 85-78 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արդիւնքը հաւասարեցուց (1-1): Ֆետի Խաթիպ (Շանվիլ) նշանակեց 27 կէտ, իսկ Իսմայիլ Ահմետ (Ռիատի)` 24 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES