ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՄԻՍ. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՎԱՅԵԼԵՑ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐ

«Ա՜Խ ԿԱՆԱՅՔ, ԿԱՆԱ՜ՅՔ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 2 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հայրենի վաստակաշատ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած «Հայ թատրոնի ամսուան» նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ռոպեր Լամուրէի «Ա՜խ կանայք, կանա՜յք» թատերախաղին ներկայացումը` բեմադրութեամբ Վիգէն Ստեփանեանի:

Ներկայացումին մէջ կնամոլ Ժերմեն Վինիոն ունի չորս սիրուհիներ, որոնց հետ ընկերութիւն մշակած է: Այդ բարդ կացութեան մէջ յանկարծ կը հանդիպի իր սիրուհիներէն մէկուն ամուսինին, որ կը պահանջէ հեռու մնալ իր կնոջմէն, այլապէս` ատրճանակով զինք պիտի սպաննէ…

Այս կացութեան մէջ Ժերմեն չի գիտնար, թէ այդ մարդը իր ո՛ր սիրուհիին ամուսինն էր, եւ ուստի, կ’որոշէ լքել բոլորը, որպէսզի փրկէ իր կեանքը եւ հեռու մնայ խնդիրներէն: Իր սիրուհիներէն հեռանալէ ետք, նոյն ամուսինը ներողութիւն կը խնդրէ, որովհետեւ իր կնոջ սիրուհին ինք չէր: Նշեալ կացութեան աւարտին, Ժերմեն անսպասելիօրէն կը սիրահարի իր տան տնտեսուհիին, որուն հմայքը անցեալին չէր նկատած:

Այս ծիծաղելի, արկածախնդրական եւ սիրային թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած էին Գագիկ Մադոյեան, Նարինէ Գրիգորեան, Արման Նաւասարդեան, Կարապետ Բալեան, Ալլա Սահակեան, Տաթեւիկ Ղազարեան, Արմինէ Անդրէասեան եւ Կարէն Խաչատրեան:

«ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ ՍԻՆԻՈՐ ԿՈՒՊԵԼԼՈՅԻ ՏԱՆԸ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ

«Ծննդեան տօները սինիոր Կուպելլոյի տանը»

«Հայ թատրոնի ամիս»ը նաեւ շարունակուեցաւ երէկ` կիրակի օր, երբ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ Էտուարտօ Տը Ֆիլլիփոյի «Ծննդեան տօները սինիոր Կուպելլոյի տանը» թատերախաղը, որ բեմադրուած էր վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Սօս Սարգսեանին կողմէ:

Ծննդեան տօնակատարութեան օրը սինիոր Կուպելլոյի աղքատիկ տան մէջ համեստ ու պարզ պայմաններու մէջ համախմբուած են ընտանիքներուն բոլոր անդամները, որոնց մօտ գոյութիւն ունի ջերմ եւ ընտանեկան հաճելի մթնոլորտ մը: Դուստրը` Նինուչան բոլորին կը տեղեկացնէ, որ ինք իր ամուսինին հետ հարցեր ունի, որովհետեւ ան ուրիշին հետ ընկերութեան մէջ է, բայց ցաւալի իրողութիւնը այն կ’ըլլայ, որ յանկարծ տուն կը մտնէ նոյնինքն կնկան սիրականը, ինչ որ սկիզբ կու տայ նոր թիւրիմացութիւններու ու իրարանցումներու: Սիրականը իր սիրուհիին եղբօր բարեկամը ըլլալու պիտակումով կը մնայ տան մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան պատահական ցաւալի դէպքեր, որոնց պատճառով տան հայրը մահուան սեմին իր աղջկան ու սիրականին կը խրատէ մինչեւ մահ միասին մնալ, քանի որ զոյգը ծնած է միասին ապրելու համար…

Թատերախաղին մէջ դերեր ունէին Վանիկ Մկրտչեան, Նարինէ Գրիգորեան, Գագիկ Մադոյեան, Տաթեւիկ Ղազարեան, Ալլա Սահակեան, Անդրանիկ Էթեմեզեան, Կարէն Խաչատրեան, Վարշամ Գէորգեան, Արմինէ Պօղոսեան եւ Կորիւն Բուդուրեան:

Ուրախ, ծիծաղելի եւ երբեմն ալ ողբերգական մթնոլորտի մէջ Սօս Սարգսեանի բեմադրած գեղեցիկ, որակաւոր ու տպաւորիչ թատերախաղը հանդիսատեսին փոխանցեց բարոյախօսական պատգամներ` կառչած մնալու մարդկային արժէքներուն:

Ներկայացումին աւարտին տեղի ունեցաւ Համազգային պետական թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան թատերական միաւորի ներկայացուցիչներ Սիլվա Քիւրքճեանի ու Սեպուհ Մաճեանի միջեւ յուշանուէրներու փոխանակում: Ապա խօսք առաւ Վարդան Մկրտչեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին, որոնք հաւաքաբար կրցան յաջողութեամբ կազմակերպել այս ներկայացումները: Խօսելով Լիբանանի Համազգայինի աշխատելաոճին մասին` Վարդան Մկրտչեան հաստատեց, որ միութիւնը հզօր կազմակերպուածութիւն ունի, ինչ որ արդէն բացայայտուած է ներկայացումներէն առաջ ու ներկայացումներուն ընթացքին տարուող ծրագրաւորուած աշխատանքներուն ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES