Ահմատինեժատ Խորհրդարանին Մէջ Հարցաքննութեան Եթարկուած Է

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ առաջին անգամ ըլլալով պատասխանած է երեսփոխաններուն հարցումներուն: Օրէնսդիրները նախագահին տնտեսական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ քատրային վերին փոփոխութիւններուն մասին հարցումներ ուղղած են:

1979-ի իսլամական յեղափոխութենէն ետք, ասիկա առաջին անգամն է, որ իսլամական հանրապետութեան ղեկավարը այսպիսի կարգավիճակով երեսփոխաններուն կը ներկայանայ:

Ըստ փորձագէտներու, նախագահին խորհրդարան կանչելը կը վկայէ Ահմատինեժատի քաղաքական ազդեցութեան թուլացման մասին: Վերջինս երկրի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հետ հակամարտութեան մէջ է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES