Էդուարդ Շարմազանով Պատասխանած Է Թուրքիոյ Փոխվարչապետին Յերիւրանքներուն

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ երէկ անդրադարձաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, որ` «Ղարաբաղը եղած է, կայ եւ կը մնայ հայկական հող»: Թուրք պաշտօնատարը ընդգծեց, որ` «Ղարաբաղը թրքական հող է եւ այդ տարածքը ապօրինաբար բռնագրաւուած է, հայ-թրքական յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորուին, սահմանները պիտի չբացուին այնքան ատեն որ հայկական զօրքերը Ղարաբաղէն դուրս չեն բերուած»:

Ըստ «Արմենփրես»-ի, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով` անդրադառնալով Պոզտաղի յայտարարութեան` նշեց, որ ոչ միայն Արցախը հայկական է եւ որեւէ պատմական կապ չունի թրքական ցեղերուն հետ, այլ նաեւ այն պետութիւնը` Թուրքիան, որուն քաղաքացին կը հանդիսանայ թուրք պաշտօնատարը:

Շարմազանով նշեց, որ ներկայիս Թուրքիան ստեղծուած է յունական եւ հայկական պատմական տարածքներու հիման վրայ` ոչնչացնելով բնիկ հայ եւ յոյն բնակչութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի «բռնագրաւուած» ըլլալուն»` Շարմազանով յայտնեց, որ այստեղ ընելիք ունին ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը: Ըստ անոր, ազրպէյճանցիները պէտք է իրենց զօրքերը դուրս բերեն բռնագրաւուած Շահումեանէն եւ Գետաշէնէն, իսկ Թուրքիան` Հիւսիսային Կիպրոսէն:

Share this Article
CATEGORIES