Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Շաբաթասկիզբին գումարած իր հերթական ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, լիբանանեան մարզական մամուլին յղեց Ասիոյ գօտիէն ներս տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Դ. եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որուն մէջ Լիբանան Ա. խմբակին մաս կը կազմէ:
Ստորեւ կու տանք Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը պիտի հրապարակուին յառաջիկային).
ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՅՈՒՆԻՍ ՎԱՅՐ
Լիբանան – Քաթար Լիբանան
ՈՒՐԲԱԹ, 8 ՅՈՒՆԻՍ 2012
Լիբանան – Ուզպեքիստան Լիբանան
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 12 ՅՈՒՆԻՍ 2012
Հարաւային Քորէա – Լիբանան Քորէա
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2012
Լիբանան – Իրան Լիբանան
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2012
Քաթար – Լիբանան Քաթար
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 26 ՄԱՐՏ 2013
Ուզպեքիստան – Լիբանան Ուզպեքիստան
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 4 ՅՈՒՆԻՍ 2013
Լիբանան – Հարաւային Քորէա Լիբանան
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 11 ՅՈՒՆԻՍ 2013
Իրան – Լիբանան Իրան
Ֆետերասիոնը հրապարակեց ցանկը այն նոր իրաւարարներուն, որոնք 4 մարտ 2012-ին տեղի ունեցած քննութիւններուն յաջողեցան:
Ճշդուեցաւ նոր ժամանակացոյց մը` 13 մարտէն 30 ապրիլ 2012, բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն նոր դիմումնագիր ներկայացնել` տեղի ունենալիք իրաւարարներու այլ քննութիւններուն մասնակցելու համար:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները վաւերացնելէ ետք, ֆետերասիոնը մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկեց Նըժմէն, որուն համակիրները Շապապ Սահելի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին անկարգապահ գտնուած էին:
Շապապ Սահելի պատասխանատուներէն Հըսէյն Ֆատել, վեց ամիսով կախակայուեցաւ, որովհետեւ ան Նըժմէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, յարձակեցաւ իրաւարարին վրայ:
Հրապարակուեցաւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 19-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 15 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Սահել – Ահտ 4:00 Սայտա
ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՄԱՐՏ
Անսար – Սաֆա 3:30 Մարզական Աւան
ՇԱԲԱԹ, 17 ՄԱՐՏ
Մապարրա – Թրիփոլի 2:30 Պէյրութ
Ախա Ահլի Ալէյ – Նըժմէ 3:30 Պհամտուն
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՄԱՐՏ
Ռասինկ – Սալամ Սուր 2:30 Ժունիէ
Ահլի Սայտա – Թատամոն Սուր 2:30 Սայտա
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 15 ՄԱՐՏ
Նահտա Պար Էլիաս – Հարաքեթ Շապապ 2:15 Խիարա
ՀՄՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 2:30 Նըժմէ
ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՄԱՐՏ
Մաուատտէ – Սալամ Զղորթա 2:15 Թրիփոլի
Իժթիմահի – Սաժես 2:15 Թրիփոլի Ա.

