Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները «Գլխարկները Վար» Կ՛Առնեն Իրենց Ուսուցիչներուն Առջեւ

Լիբանանի մէջ 9 մարտին կը նշուի ուսուցիչներու տօնը: Ամէն տարի կրկնուող այս աւանդութիւնը, որուն ընթացքին վարժարանները կը փակեն իրենց դռները եւ աշակերտները ծաղիկներ կամ այլ տեսակի նուէրներ կը նուիրեն իրենց ուսուցիչներուն, կու գայ բոլորիս յիշեցնելու, թէ գոյութիւն ունին անհատներ, որոնք մեր մանկութեան տարիներէն մինչեւ պատանեկութեան տարիները, մօր նման, մեզ կը խնամեն, հոգ կը տանին, կ՛առաջնորդեն, կը դաստիարակեն, կ՛ուսուցանեն, կը սորվեցնեն, կը սիրեն մեզ, կը զգան մեզ հետ եւ կը փորձեն մեզ դէպի ճիշդ ուղի առաջնորդել:

Ուսուցիչը այն անձն է, որ ծնողքէն ետք երկար ժամանակ կը տրամադրէ եւ կը զոհուի, իր միտքէն ու հոգիէն կու տայ իր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք սորվին գրական եւ գիտական նիւթեր, զարգանան եւ ուսեալ անհատներ դառնան: Հետեւաբար ուսուցչաց տօնը առիթ մը կը հանդիսանայ բոլոր աշակերտներուն համար, որպէսզի անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն անոնց` բոլոր կարելի ձեւերով:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 8 մարտ 2012-ին, Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները կոկիկ հանդիսութեամբ մը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ու պատուեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք իրենց սուղն ու աժանը կը զոհեն ի խնդիր վարժարանիս յառաջդիմութեան եւ աշակերտներու դաստիարակութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Մեղեդի Մինասեան, որ անդրադարձաւ, թէ` «բոլորս ալ առաւօտ կանուխ կ՛արթննանք եւ մեր առաջին քայլերը կ՛ուղղենք դէպի վարժարան, ուր կը ստանանք մեր ուսումնական, մշակութային, ազգային եւ հաւատքի լիցքը, ուր ուսուցիչները կը ջամբեն անհրաժեշտն ու էականը, զորս այսօր ընկալելով… վաղը պիտի կիրարկենք»:

Մինասեանի հակիրճ, բայց տպաւորիչ խօսքէն ետք նախակրթարանի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտական խմբակներ իրենց ուսուցիչներուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ արտասանեցին` գովերգելով եւ բարձր գնահատելով ուսուցիչին նուիրական աշխատանքը եւ վեհանձն հոգին, մանաւանդ` հայ ուսուցիչին, որ իր ստանձնած անհամար պարտականութիւններուն կողքին,  իր ուսերուն առած է այլ անսակարկելի գիտակցութիւն մը, որն է հայրենիքէն դուրս հայը հայ պահելու առաքելութիւնը, զոր օտար ափերու վրայ գտնուելու դժուարին պայմաններուն մէջ իր վսեմագոյն նպատակներէն համարելով` հասցուցած է մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր երկիրները: Հայ ուսուցիչը ոգի ի բռին կ՛աշխատի ի խնդիր հայ աշակերտին հայավայել դաստիարակութեան` ի խնդիր ազգապահպանման եւ հաւատարիմ ազգասիրութեան սկզբունքներու գոյատեւման:

Ապա բեմ բարձրացան երրորդ դասարանի տղաքը եւ իրենց գլխարկները վար առին իրենց ուսուցիչներուն առջեւ, խոստովանելով, որ իրենց ուսուցիչներուն մէջ անոնք կը տեսնեն սէր, հոգածութիւն, խնամք, գիտութեան եւ երջանկութեան աղբիւր: Իսկ առաջին դասարանի աշակերտները արաբերէն երգելով ու պարելով իրենց զգացումները յայտնեցին իրենց դասատուներուն` ըսելով, թէ` «միասնաբար մենք պիտի անցնինք կեանքի ճամբաները, միասնաբար պիտի կերտենք մեր ուղիները եւ միասնաբար պիտի հասնինք մեր նպատակներուն»:

9-րդ դասարանի աշակերտ Յակոբ Փամպուքեան ճկուն մատներով կիթառի վրայ նուագ մը մատուցելով մասնակցեցաւ օրուան հանդիսութեան:

Իսկ հանդիսութեան վերջին բաժինով 8-րդ դասարանի աշակերտներուն պատրաստած փաուըր փոյնթով ներկայացումը արժանացաւ բոլորին գնահատանքին եւ վառ զգացումներով լեցուց ամէնուն հոգիները անխտիր: Անոնք իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն նկարները ներկայացնելով` անոնց մասին գովասանական խօսքեր արտայայտեցին, ուր կը շեշտուէր բոլորին նուիրումը, լաւագոյն ուսում ջամբելու պատրաստակամութիւնը, աշակերտը հասկնալու եւ անոր ճամբան լուսաւորելու վճռակամութիւնը եւ դպրոցը նորանոր բարձունքներու հասցնելու նպատակով մեղուաջան աշխատանք տանող վարժարանիս տնօրէնուհիին նուիրուածութիւնը:

Ուսուցանել` կը նշանակէ անհատին կեանքին մէջ յաւիտենական հետք ձգել եւ դպչիլ անոր հոգիին: Այս խօսքին գիտակից մօտեցումով տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան եզրափակեց ձեռնարկը` ըսելով. «Տարուան ընթացքին ուսուցիչներն են, որ իրենց սիրտէն ու հոգիէն կու տան աշակերտներուն, կու տան այն ամէնը, որ անհրաժեշտ է աշակերտին համար, բայց այսօր աշակերտները տուին իրենց ուսուցիչներուն, արժեւորեցին զանոնք եւ իրենց սիրտերը լայն բացին իրենց ուսուցիչներուն դիմաց»: Ան մաղթեց, որ` «աշակերտները ամէն օր նոյն բաց սրտով մօտենան իրենց դասատուներուն, համագործակցին անոնց հետ, որպէսզի ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնը ամուր հիմերու վրայ հիմնուած ըլլալով`  ուսուցիչները կարենան կատարելագործել իրենց վեհ առաքելութիւնը` փոխանցեն գիտելիքներ եւ սատարեն վաղուան մարդը կերտելու կարեւորագոյն նպատակին»:

Ռ. Պոյաճեան յարատեւութիւն եւ կորով մաղթեց Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչակազմին անհատ առ անհատ, որովհետեւ անոր սահմանումով` «ամէն մարդ կ՛աշխատի իր օրապահիկ հացը ճարելու, սակայն ուսուցիչներուն գործը պարզ եւ ամէն մարդու տրուած գործ մը չէ, որովհետեւ անոնք մեծ բեռ ունին իրենց ուսերուն, մարդակերտումի եւ հայակերտումի պարտաւորութիւն ունին իրենց աշխատանքի ծիրին մէջ, հետեւաբար անոնց գործը անցած է պարզ գործի սահմանները եւ դարձած է վսեմ առաքելութիւն»:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ  

 

Share this Article
CATEGORIES