ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՑՐՈՒԵՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՑՈՅՑԸ
Ազրպէյճանի ոստիկանութիւնը նախանցեալ օր ուժ գործադրած է Պաքուի կեդրոնին մէջ ընդդիմութեան չարտօնուած ցոյցը ցրուելու համար:
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական ընդդիմութիւնը, արաբական երկիրները համակած զանգուածային ըմբոստութեանց ազդեցութեան տակ, իշխանութիւններէն ժողովրդավարական բարեփոխումներ կը պահանջեն:
Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, շուրջ 300 ընդդիմադիր գործիչներ Պաքուի Շատրուաններու հրապարակին մէջ հաւաքուելէ ետք երթով անցած են մայրաքաղաքի փողոցներէն եւ
հանդիպած մահակներով զինուած ոստիկաններուն, որոնք ցրուած են ցոյցը:
CATEGORIES Միջազգային

