Նալբանդեան Բարձր Կը Գնահատէ Զուիցերիոյ Միջնորդութիւնը` Հայ-Թրքական Յարաբերութեանց Կարգաւորման Հարցին Մէջ

Պուրխալթեր եւ Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Պեռնի մէջ Զուիցերիոյ խորհրդարանի Հայաստան-Զուիցերիա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին բարձր գնահատեց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Զուիցերիոյ միջնորդական ջանքերը:

Ըստ Է. Նալբանդեանի, եթէ արձանագրուած արդիւնքները շարունակութիւն չունեցան, բոլորին համար յստակ է, որ ատիկա եղաւ ոչ թէ միջնորդական ջանքերուն պակասին պատճառով կամ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները Հայաստանի կողմէ յարգելու թերացման պատճառով, այլ որովհետեւ Թուրքիան չկատարեց իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Նալբանդեան զուիցերիացի խորհրդարանականներուն ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ շրջանային հիմնախնդիրներուն լուծման ուղղուած քայլերը:

Բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի անդամները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ տեղեկացուցին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Երեւան այցելելու իրենց մտադրութեան մասին:

Էդուարդ Նալբանդեան նոյն օրը հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխալթերի հետ:

Նախարարները նշեցին, որ վերջին տարիներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները աննախադէպ զարգացում ապրած են: Ըստ Նալբանդեանի, այսօր երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած է փոխադարձ վստահութիւն եւ փոխադարձ ըմբռնում, ինչ որ բնորոշ է բարեկամ պետութիւններուն:

Զուիցերիական կողմը վերահաստատեց Հայաստանի զարգացման նպատակով համագործակցութեան եւ զարգացման զուիցերիական գործակալութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու շարունակականութիւնը:

Նալբանդեան զուիցերիացի գործընկերոջ ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը: Պուրխալթեր շեշտեց, որ իր երկիրը ուշադրութեամբ կը հետեւի եւ կ՛աջակցի ԵԱՀԿևի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող միջնորդական ջանքերուն` ընդգծելով, որ տագնապը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ ճամբով:

Երկու նախարարները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ քննարկեցին շարք մը այլ շրջանային եւ միջազգային հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES