Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան Իրաւունք Ստացաւ Մասնակցելու Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին
Նախանցեալ օր Այնթէպի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, որ իր կատարած վերջին մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մարի Սեպակի հետ` 7,5 կէտ ապահովելով վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Ան այսպիսով ապահովեց աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ ըստ օրէնքի, ընդհանուր դասաւորման առաջին 14 դիրքերը գրաւողները անոր մասնակցելու իրաւունք կ՛ունենան:
Ստորեւ կու տանք հայրենի մնացեալ վարպետներուն արձանագրած արդիւնքները` ընդամէնը 103 մասնակցողներու մէջ.
ԿԷՏ
35- Լիլիթ Մկրտչեան 6
38- Մարիա Քուրսովա 6
55- Լիլիթ Կալոյեան 5,5
71- Աննա Հայրապետեան 5
76- Նելլի Ալեքսանեան 4,5
Նշենք, որ տիտղոսին տիրացաւ Վալենթինա Կունինա (Ռուսիա), որ ապահովեց 8,5 կէտ: