ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԱՊԻՃԱՆԻ ՄէՋ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ունեցաւ շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ծիրին մէջ հետեւեցաւ Փղոսկրեայ Ափունքին մէջ բնակող լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութեան` նկատի ունենալով Ապիճանի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ` անոնցմէ պահանջելով հսկել Ապիճանի մէջ բնակող լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան եւ իրականացնել անոնց տունդարձը:
Այս ծիրին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Փղոսկրեայ Ափունքի տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած քաղաքականութիւնն է, որ ապահոված է լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Ան շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ընթացաւարտ նախագահ Լորան Կպակպոյի դէմ Լիբանանի կատարած թեր քուէարկութիւնը աւազակութեան եւ սպանութեան ենթարկուելէ փրկած է այն տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիները, որոնք բնակութիւն հաստատած են Ապիճանի մէջ:
Պըրրի բարձր գնահատեց Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Աժմիի դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ
ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ապահովելու համար Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ ապրող լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Իր կարգին, հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փղոսկրեայ Ափունքի նորընտիր նախագահ Հասան Ուաթարայի հետ եւ քննարկեց բոլոր այն դասաւորումները, որոնք որդեգրուած էին լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ուաթարա Հարիրիին խոստացաւ ամէն ջանք ի գործ դնել` ապահովելու համար լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը եւ օժանդակելու անոնց:
Միւս կողմէ, Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Աժմի յայտնեց, որ լիբանանցի պետական պատասխանատուներուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, ֆրանսական ուժեր մնայուն կերպով շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն կը կատարեն Ապիճանի լիբանանցիներով բնակուած շրջաններուն մէջ:
Աժմի յայտնեց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Ապիճանի օդակայանը բաց է, սակայն կարելի չէ Պէյրութի եւ Ապիճանի միջեւ թռիչքներ կատարել, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ օդանաւերը օդակայան հասնին, ապա ճամբորդները օդակայան փոխադրելը անկարելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ ճամբաները անապահով են եւ փոխադրութիւնը անկարելի` քաղաքի շէնքերուն տանիքները գտնուող արձակազէններուն պատճառով:
Նշենք, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ապիճանի մէջ ապրող լիբանանցի քաղաքացիներուն հարազատները կազմակերպեցին ցոյց մը` արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին առջեւ:
Արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի ընդունեց ցուցարարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ նախարարէն խնդրեց Ապիճանի մէջ գտնուող իրենց հարազատները նաւերով փոխադրել Ղանայի Աքրա մայրաքաղաքը:
Շամի խոստացաւ անոնց պահանջին ուղղութեամբ աշխատիլ եւ 48 ժամէն անոնց պատասխան մը տալ` այդ պահանջին առումով: