Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Բ. Մրցանքի Նշանակի Տուչութիւն Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Առաջին տարուան յաջող ու գնահատելի փորձառութենէն ետք, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, ուրբաթ, 16 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Բ. մրցանքի նշանակի տուչութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանի, կրթական պատասխանատուներու, մրցանքի դատական կազմի անդամներուն, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Մրցանակաբաշխութեան բարի գալուստի խօսքը կազմակերպիչ աշակերտական խմբակին անունով արտասանեց Մեղրի Չէօլմեքեան, որ ըսաւ. «Վստահ ենք, որ Տինքին նուիրուած մրցումը բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններու շարքին հատիկներէն մէկը պիտի հանդիսանայ, որ աշակերտութեան մտքին մէջ պիտի ցանէ սէրը` հայրենիքին, նուիրումը` դատին եւ զոհաբերութիւնը` ազգային գաղափարին: Վստահաբար այդ հատիկները վաղը արեւի շողերուն տակ պիտի զօրացնեն իրենց արմատները»:

Չէօլմեքեան հաստատեց, որ Հայ դատի պայքարին մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը: Ան նաեւ կարդաց «Ակօս» թերթի խմբագրութեան շնորհաւորական ուղերձը:

Ապա ներկաները դիտեցին Հրանդ Տինքին վկայութիւնները փոխանցող խմբակին պատրաստած տեսերիզը, որմէ ետք ջութակով Սեւան Ղարիպեան նուագեց «Ալ այլուղս» եւ «Քէլէ քէլէ» ստեղծագործութիւնները:

Շարադրութեան մրցանքին մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց դատական կազմի անդամ Ժիրայր Դանիէլեան, որ հաստատեց, որ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը առիթ է փնտռելու ազգային արմատներն ու ժառանգութիւնը: Անցնող շաբաթներուն աշակերտական խմբակին կազմակերպած Հայ դատի նուիրուած աշակերտական միօրեայ սեմինարն ու շարադրութեան մրցանքը գնահատելով` Դանիէլեան ըսաւ, որ Հրանդ Տինքին երթը շարունակող նմանօրինակ ձեռնարկներ օգտակար են եւ հայ մարդու տիպարին կազմաւորման նպաստող քաջալերական քայլեր են:

Ժիրայր Դանիէլեան ընդգծեց, որ դատական կազմը իր աշխատանքներուն մէջ երբեք դժուարութիւն չունեցաւ, քանի որ նմանօրինակ գործ մը հաճելի է եւ արդիւնաւէտ: Ան հաստատեց, որ այս նոր սերունդէն պիտի գան նոր տինքեր, ապագայի լրագրողներ եւ խմբագիրներ, որպէսզի Տինքին հետապնդած մեր բոլորին արդար դատը լուծուի:

Դանիէլեանի պատգամին յաջորդեց «Ակօս»-ի հայերէն բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի` խմբակի ատենապետ Լորի Եթերեանի հետ ունեցած հարցազրոյցէն հատուածներու ցուցադրութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ այնքան ատեն որ նմանօրինակ երիտասարդ գրողներ գոյութիւն ունին, ապա պիտի շարունակուի արդարութեան եւ իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը: Ան հաստատեց, որ սփիւռքի մէջ հայկական վարժարանները իրենց կրթական ծրագիրներուն կողքին ունին ազգային շունչ եւ հայու նկարագիր կերտելու մեծ պարտականութիւն: Արժեւորելով վարժարանի աշակերտական խմբակին գործունէութիւնը, Գալուստ վստահեցուց, որ մրցանքը երկրորդ տարին ըլլալով իր նպատակին ծառայած է, որովհետեւ աշակերտները անգամ մը եւս հաւաքուեցան ու խօսեցան հայութեան դատը յուզող հարցերուն շուրջ:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ մասնակիցներու հաստատագիրներու յանձնումը, մրցանքի նշանակի տուչութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Հայ աւետարանական քոլեճէն Շուշան Քէշիշեան, որ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանի ձեռամբ ստացաւ «Հրանդ Տինք»-ի մրցանքին նշանակը: Նշենք, որ նշանակը անցնող տարի կը գտնուէր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ: Մրցանքին երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն Դանիէլ Աւետիքեան, իսկ երրորդը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն Վանայ Ճենանեան: Մրցանակակիրները ստացան վերջին տարիներուն լոյս տեսած գիրքերու հաւաքածոներ: Յայտնենք, որ այս տարի մրցանակակիրները Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստէն նաեւ ստացան աստիճանական կարգով նիւթական պարգեւներ:

Տնօրէնութիւնը այս առիթով կը շնորհաւորէ մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, նուիրուած գիրքերու հեղինակներուն, դատական կազմի անդամներուն եւ վարժարանի աշակերտական խմբակին, որոնք հաւաքական ճիգերով յաջողութեամբ պսակեցին այս նախաձեռնութիւնը:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Պուրճ Համուտ, 16 մարտ 2012

Share this Article
CATEGORIES