Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Նորվեկիացի Միսիոնարի Օրագիրը Գտնուած Է
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես նորվեկիացի միսիոնարի մը օրագիրը գտնուած է իր թոռնիկին ձեղնայարկին մէջ:
Ան նշած է, որ օրագիրը շուտով Հայաստան պիտի տարուի եւ պահպանուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:
CATEGORIES Հայկական

