Օթան-ն Ու Կովկասը` Երեւանէն Դիտուած

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այն մասին, որ ՕԹԱՆ-ը մտադիր չէ Արցախի բանակցային գործընթացին միջնորդի դեր վերցնելու, կը վկայէ  անոր համաձայնութիւնը` ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի պահպանման: ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այլ բաժիններ եւս ունի սակայն: Ըստ անոր, բանակցային գործընթացը դժուարութիւններու կը հանդիպի: Այդ դժուարութիւնները բացատրուած են սպառազինութեամբ եւ ռազմական հռետորաբանութեան օգտագործումով:

Պարզ է, որ բանակցութիւնները արգելակող երկու խնդիրներուն պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Պաքուի ուսերուն: Այստեղ հակափաստարկելու որեւէ փորձ դժուար թէ համոզիչ եզրեր գտնէ: Որքան ալ հասկնալի ըլլայ, Պաքուն մատնացոյց չընելը, ՕԹԱՆ-ի պաշտօնատարը  առանց այդ վերագրումին բանակցային գործընթացի արգելակումին պատճառը կը նկատէ Ազրպէյճանը:

ՕԹԱՆ-Հայաստան համագործակցութեան այսօրուան մակարդակը ի հարկէ  կարելի չէ գնահատել բացառապէս հիմնուելով մամլոյ հրապարակումներուն վրայ: ՕԹԱՆ-ը ռազմական կազմակերպութիւն է եւ համապատասխան ոլորտի յարաբերութիւններն  ու համագործակցութեան տարողութիւնները թափանցիկ չեն:

Հայաստանի զինուած ուժերու ՕԹԱՆ-ի վարժողական ծրագիրներուն ներգրաւուածութիւնը կամ խաղաղապահ զօրամիաւորումներուն հայաստանեան մասնակցութիւնը (Քոսովօ, Իրաք, Աֆղանիստան) առերեւոյթ բնականոն համագործակցութեան պաշտօնական մասին կը վկայեն: Այսուհանդերձ պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանը շրջափակած Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի կարեւոր անդամ պետութիւն է, որ չյայտարարուած աշխատանք կը տանի այդ համագործակցութիւնը խոչընդոտելու: Արձանագրել պէտք է նաեւ, որ ՕԹԱՆ-ի վարժողական պուտափեշթեան ծրագիրներուն ներգրաւուած Ազրպէյճանը ինչպիսի՛ պահուածք ունեցաւ հայ սպային նկատմամբ, ինչ որ անհրաժեշտ դատապարտման եւ համապատասխան միջոցառումներուն չարժանացաւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ:

Քաղաքական մեկնաբանութեամբ ՕԹԱՆ-ի համար այնքան ալ դրական ընկալելի չէ Հայաստան-Ռուսիա ռազմավարական յատուկ եւ արտակարգ կարգավիճակով գոյութիւն ունեցող գործընկերութիւնը, ինչ որ կ՛ընկալուի իբրեւ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութեան սահմանափակում: Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ը միշտ կը յայտարարէ, որ համագործակցութեան խորացման չափը կախեալ է հայկական կողմի ցանկութենէն. Աւելի՛ն. ՕԹԱՆ-ը շատ  իրատեսական կը գնահատէ այս հարցին մէջ Հայաստանի կեցուածքը ի տարբերութիւն Վրաստանի, որ ամէն օր կը յայտարարէ  իր անդամութեան ցանկութեան մասին: Վրացական այս յայտարարութիւններուն ՕԹԱՆ-ը կը պատասխանէ, թէ  Վրաստանը պատրաստ չէ այդ անդամակցութեան:

ՕԹԱՆ-ի մէկ անդամին կողմէ շրջափակուած Հայաստանը կը փորձէ այս պայմաններուն մէջ փոխլրացուցիչ կամ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն կիրարկել եւ այդ շրջանակներուն մէջ  բնականոն յարաբերութիւն մշակել ՕԹԱՆ-ի հետ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը այն մասին, որ ՕԹԱՆ-ը մտադիր չէ Արցախի բանակցային գործընթացին միջնորդի դեր վերցնելու, կը վկայէ  անոր համաձայնութիւնը` ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի պահպանման: Այդ ձեւաչափի պահպանման ի նպաստ հանդէս գալով հանդերձ, ՕԹԱՆ-ի կեցուածքները գնահատելու ընթացքին անպայման պէտք է նկատի ունենալ արեւմտեան ուժերուն կողմէ  Իրանի մեկուսացման ընդհանուր քաղաքականութեան ուղղութիւնները եւ ըստ այնմ դիտարկել կովկասեան տարածաշրջանի եւ հայութեան վերաբերող ՕԹԱՆ-ի հետ կապուած անվտանգութեան խնդիրները:

Կովկասեան շրջանին մէջ ապա-ՕԹԱՆ միջավայրը հիմնականին մէջ Հայաստանն է: Ազրպէյճանը հակաիրանեան իր ուղղութեամբ, քարիւղի քաղաքականութեամբ եւ յատկապէս ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ պետութեան ճամբով յայտնուած է այդ ճամբարին մէջ, մինչ Թիֆլիսը ի՛նք բացայայտ նկրտումներու մէջ է լիիրաւ ընդգրկուելու համար ՕԹԱՆ-ի կազմակերպութեան մէջ: Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուին ՕԹԱՆ-ի կազմին մէջ ներառուելու համար Վրաստանի անպատրաստ ըլլալուն կամ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու հաւանականութիւնը հայկական կողմի հայեցողութեան ձգելու եւ կամ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի պահպանման կեցուածքով հանդէս գալով առանց Պաքուն մատնացոյց ընելու`  բանակցային գործընթացը արգելակելու պատասխանատուութիւնը Ազրպէյճանի ուսերուն բարդելու յայտարարութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES