Լիբանանեան Ֆութպոլ. Հմըմ Պուրճ Համուտ 11-2 Արդիւնքով Ջախջախեց Հիլալ Հարեթ Նաամէն

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ շաբաթ, 17 մարտին, Քասքասի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Հարեթ Նաամէ մրցումը:

Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով: Անիկա 11-2 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը` Ա. կիսախաղին 6-0 արդիւնքով գերազանցելով զայն:

Ժաք Պէրպէրեան հեթրիք մը իրագործեց, մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Վաչէ Խուքազեան (2 կոլ), Յակոբ Քուճանեան, Ներսէս Գիւլխանճեան, Ասատուր Տէր Մանուէլեան, Յարութ Մումջողլեան, Մկօ Օտապաշեան եւ Աւօ Տոմպուրեան:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Ատապ Ուալ Ռիատա (Քֆարշիմա): Մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի, 25 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նոյն դաշտին վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ֆութպոլի կրտսերներու (1995-1996-ի ծնունդ) ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի կրտսերները 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին Անսարէն:

 

Share this Article
CATEGORIES