Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին Եւ Ընդունեց Հոֆը

Պըրրի եւ Հոֆ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շրջանային հարցերու ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ֆրետերիք Հոֆը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին Հոֆ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան ծովային սահմանագծումին առնչութեամբ իր կատարած աշխատանքները:

Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք է օգտուի քարիւղի իր հարստութենէն, որ իր բնական իրաւունքը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ ան կարիքը ունի այդ հարստութիւնը ներդրելու` ըստ Լիբանանի կառավարութեան ճշդած ժամկէտին:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան վաղուան օրէնսդրական նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգերը:

Խորհրդարանի նախագահին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Էլի Սքաֆ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց հանրային կարծիքին վերաբերող հարցեր:

Պըրրի ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը:

 

Share this Article
CATEGORIES