Վարչապետ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Համաշխարհային Դրամատան Պատուիրակութեան Հետ

Հանդիպումէն պահ մը

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի Հարաւային Կովկասի երկիրներու բաժանմունքի շրջանային տնօրէն Ասատ Ալամը:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Կանոնակարգիչ արագ բարեփոխումներու, ելեւմուտքի նախարարութեան կարողութիւններու եւ տնտեսական շուկայի զարգացման, ինչպէս նաեւ դրամի լուացման դէմ պայքարի ծրագիրներուն աջակցելու եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:

Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող տարբեր հարցեր, որոնց շարքին` կենսաթոշակային եւ սնունդի ապահովութեան մարզերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի արտահանման ուղղուած արդիւնաբերական քաղաքականութեան, ընկերային եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Վարչապետ Սարգսեան եւ Ասատ Ալամ քննարկեցին նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպայի գօտիին մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական վիճակին եւ հաւանական զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES