Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Կրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Պարտութիւնը
Երէկ, Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, Նըժմէ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` Ախա Ահլի Ալէյէն, 1-0 արդիւնքով:
Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար շաբաթ, 17 մարտին: Սակայն անիկա յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ տեղացած ձիւնը ճամբաներուն մեծ մասը փակած էր:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ահմետ Նաամանի (69-րդ):
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ պարագլուխի դիրքը գրաւող Նըժմէի ունեցած կէտերու թիւը մնայ անփոփոխ (49 կէտ), իսկ Ախա իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք այժմ 27 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական