Ֆապրիս Մուամպա Կը Մնայ Մահաքունի Մէջ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Թոթենհամ-Պոլթըն Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի մրցումը մնաց կիսատ` նկատի ունենալով, որ Պոլթընի միջնապահ Ֆապրիս Մուամպա սրտի տագնապ մը ունենալով ինկաւ գետին:
23 տարեկան մարզիկը, որ անմիջապէս փոխադրուեցաւ Լոնտոնի մէջ գտնուող հիւանդանոցներէն մէկը, ցարդ կը մնայ մահաքունի մէջ:
Նշենք, որ ան մաս կը կազմէ նաեւ Անգլիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային խումբին:
Թոթենհամի դաշտին` Ուայթ Հարթ Լէյնի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը Ա. կիսախաղի դադարէն առաջ ընդհատուեցաւ, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ:
CATEGORIES Մարզական