Ճատրակ. Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւնը
Այսօր` երեքշաբթի, 20 մարտին կը սկսի Եւրոպայի ճատրակի տղոց 13-րդ անհատական ախոյեանութիւնը` Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա): Անիկա կ՛աւարտի 31 մարտին:
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 357 ճատրակ խաղացողներ:
Անոնց կարգին են 11 հայեր, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանը: Անոնք են` Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Զաւէն Անդրէասեան, Արման Փաշիկեան, Հրանդ Մելքումեան, Յովհաննէս Կապուզեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան:
Կան երկու այլ հայեր ալ` Սերկէյ Գրիգորեանց եւ Արթուր Գաբրիէլեան, որոնք կը ներկայացնեն Ռուսիան:
ԱՅԼ գետնի վրայ, Armchess.am հայկական ճատրակի կայքէջը կը հաղորդէ, որ տասը ճատրակ խաղացողներու (Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ղազախստանէն եւ Իրանէն) մասնակցութեամբ, Երեւանի Ճատրակի ակադեմիային մէջ կայացած Գարուն-2012 մրցաշարքը աւարտած է Մաքսիմ Շիկայեւի (Ռուսիա) յաղթանակով: Ան ապահոված է 6,5 կէտ: Երկրորդ հանդիսացած է Ռոպերթ Աղազարեան` նոյն արդիւնքը արձանագրելով:
Անոնք երկուքն ալ միջազգային վարպետի կոչում ստացան: