Բացէ՛ք Դռները. Թող Ներս Գան Գարնան Գեղեցկութիւնն Ու Անոր Սփռած Դրական Տրամադրութիւնը
Այսօր առաւօտեան աշխարհի բոլոր ծաղիկները տարբեր ձեւով կը բարձրացնեն իրենց գլուխները, կ՛ողջունեն երկինքն ու մարդկութիւնը` դրական տրամադրութիւն, գունաւոր ու հոտաւէտ մթնոլորտ եւ սէր ու խաղաղութիւն փոխանցելով աշխարհին:
Հրաշալի է բնութիւնը, եւ անոր արտայայտութիւնը հանդիսացող իւրաքանչիւր երեւոյթ իր իւրայատկութեամբ կ՛ազդէ մարդոց կեանքին եւ տրամադրութեան վրայ:
Հակառակ աշխարհին մէջ տիրող խառնակ վիճակին, պատերազմներուն, ահաբեկումներուն, բողոքի ցոյցերուն, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մարդկային տագնապներուն, բնութիւնը իր ընթացքին մէջ ոչինչ կը փոխէ:
Գարուն է կրկին, ծաղկած են ծառ ու ծաղիկ, ցնծութեամբ կը թնդայ բնութիւնը եւ իր գեղեցկութեամբ կ՛ողջունէ մարդկութիւնը: Գարունը իրեն հետ կը բերէ խինդ ու ծիծաղ, ժպիտ ու յոյս, գեղեցկութիւն ու գոյն, որպէսզի մարդոց միապաղաղ եւ առօրեայ հոգերու ծանրութեան տակ կքած կեանքը վերազարթօնք ապրի, կեանքը սեւ ու սպիտակ տեսնող անձեր տեսնեն նաեւ գունաւորը, յուսահատութեամբ լեցուած սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ վերակենդանանայ յոյսը:
Գարնան գեղեցկութիւնը ինքնաբերաբար մուտք կը գործէ մարդոց կեանքին մէջ, գունաւոր ծաղիկներուն եւ գեղատեսիլ ծառերուն ի տես մարդ անպայման կը ժպտի, կը մտածէ եւ կը հմայուի բնութեամբ, որ կ՛անտեսէ պատերազմն ու վէճերը, ցաւն ու ողբերգութիւնները, կը ծաղկի նորէն, կը ցնծայ նորէն եւ յոյս ու ժպիտ կը սփռէ նորէն:
Գարնան գալուստը եւ անոր բերած ցնծութիւնը թող վարակիչ ըլլան համայն աշխարհին մէջ, թող դադրին պատերազմները եւ խաղաղութիւնը ողողէ մարդկութիւնը, համահայկական առումով թող գարունը ըլլայ բարեբեր, Լիբանանի համար գարունը թող բերէ լուծումներ բարդ հարցերու եւ երկրին կեանքը անդամալուծած տագնապներու:
Գարնան փոխանցած դրական տրամադրութեամբ ապրելով կարելի է այդ դրական մթնոլորտը մնայուն կերպով կենդանի պահել մեր կեանքին մէջ:
Այս առիթով «Ազդակ» նաեւ լաւագոյնը կը մաղթէ իր ընթերցողներուն` մաղթելով, որ անոնց կեանքը եւս լի ըլլայ գարնան բարիքներով եւ իւրայատկութեամբ:
«Ա.»

