Ըստ Իկոր Փոփովի Զինադադարի Խախտման Հետաքննութեան Կարգը Կը Մշակուի ԵԱՀԿ-ի Մասնագէտներուն Կողմէ

Իկոր Փոփով

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով «Ռիա Նովոստի» գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապի կողմերը ոչ միայն պատրաստ են շարունակելու լուծման խաղաղ հոլովոյթը, այլեւ ջանքեր գործադրելու, որպէսզի հոլովոյթը ակնկալուող արդիւնքները տայ:

Դիւանագէտը այսպիսի եզրակացութեան յանգած է նկատի ունենալով յունուար 2012-ին նախագահներուն Սոչիի հանդիպումը, ուր նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Սերժ Սարգսեան յայտարարեցին իրենց մտադրութիւնը արագացնելու համաձայնութիւններու ձեռք բերումը Հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ` հաշուի առնելով մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքը:

Փոփով նշեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարները տագնապի լուծումը կը դիտեն միայն խաղաղ ճամբով: Երեք երկիրներու նախագահները նախորդ տարի Տովիլի մէջ Ութնեակի խումբի վեհաժողովին ընթացքին յայտարարեցին, որ ուժի գործադրումը պատճառ պիտի դառնայ ներկայ իրավիճակի ապակայունութեան: Անոր կրկնութիւնը միայն նոր տառապանքներ պիտի բերէ եւ պիտի դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ նախագահին նախաձեռնութեամբ 2008-2012 թուականներուն տեղի ունեցած հանդիպումներուն, Փոփով նշեց, որ խնդիրի քաղաքական լուծման հետ զուգահեռաբար քննարկուեցան նաեւ կողմերուն միջեւ լարուածութեան նուազման հարցերը, ներառեալ` նաեւ շփման գօտիին վրայ: Նախորդ մէկուկէս տարուան համաձայնութիւններէն ան առանձնացուց գերիներու եւ զոհուած զինուորներու մարմիններու փոխանակումը եւ տագնապի գօտիին վրայ միջադէպերու հետաքննութիւնը:

Հետաքննութիւններուն հարցով Մինսքի խմբակը մշակած է համապատասխան կարգ անոնց կայացումը կարգաւորելու համար, ինչ որ այժմ կը վերամշակեն ԵԱՀԿ փորձագէտները: Իկոր Փոփովի կարծիքով, այս մեքանիզմի գործնական կիրարկումը թոյլ պիտի տայ նուազեցնելու զինադադարի խախտման դէպքերը, որոնց հետեւանքով զոհեր կ՛արձանագրուին:

 

Share this Article
CATEGORIES