Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոս. Հռոմ, Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարան 6-13 մարտ 2012

Հաղորդագրութիւն

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական սիւնհոդոսը գումարուեցաւ Հռոմ, 6-13 մարտ 2012, քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ` նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հալէպի, Դամասկոսի, Սպահանի, Աղեքսանդրիոյ, Ֆրանսայի, Հայաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի, Պոլսոյ, Յունաստանի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի առաջնորդներուն: Ժողովը յատկացուած էր համայնքին հայող օրուան հրատապ հարցերու ուսումնասիրութեան եւ անոնց համապատասխան որոշումներու որդեգրումին: Օրակարգի վրայ էին յատկապէս վարչական, հովուական, ծիսական ու կրթական մարզերու վերաբերեալ նիւթեր:

Ժողովական հայրերը ուսումնասիրեցին այս հարցերուն հետ առնչուած կեանքի ու հաղորդակցութեան ներկայ պայմանները, ըլլայ թեմերու թէ ժողովրդապետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, եւ յանգեցան գործնական առաջարկներու ու լուծումներու: Որոշումներ տրուեցան յատկապէս պատրիարքութեան, Լիբանանի պատրիարքական թեմին, Զմմառեան եւ թեմական կղերին վերաբերեալ` շեշտը դնելով անոնց ներդաշնակ համագործակցութեան վրայ:

Հայրերը գոհունակութեամբ նկատի առին բոլորին կողմէ ցուցաբերուած միակամ ու շինիչ տրամադրութիւնները` համայնքիս բոլոր տարրերն ու կարողութիւնները միատեղելու եւ զօրաշարժի ենթարկելու, առաջադրուած որոշումները շօշափելի իրողութեան վերածելու համար:

Սիւնհոդոսի աշխատանքներուն ընթացքին հայրերը պատեհ առիթը ունեցան մասնակցելու չորեքշաբթի, 7 մարտին, Նորին Սրբութիւն Պենետիկտոս ԺԶ. Ս. քահանայապետին կողմէ շնորհուած ունկնդրութեան, որուն ընթացքին առիթը ունեցան մի առ մի ողջունելու Սրբազան հայրը եւ անոր օրհնութիւնը ստանալու իրենց անձերուն եւ հաւատացեալներուն համար: Նաեւ, անոր ուղղուած յատուկ գրութեամբ մը, սիւնհոդոսական հայրերը կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբութեան, որ յաջորդ սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին ան հովուական այցելութիւն պիտի տայ Լիբանան, եւ այս առիթով յատուկ կերպով պիտի պատուէ Հայ կաթողիկէ համայնքը` պատրիարքութեան օրրանն ու նուիրապետական աթոռը` Զմմառու Տիրամօր մայրավանքը այցելելով:

Սիւնհոդոսական հայրերը, նկատի առնելով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անհաստատ ու խռով կացութիւնը, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին, քրիստոնեայ ժողովուրդին դիմագրաւած նիւթական ու հոգեկան տագնապին մասին եւ այսու կոչ ուղղեցին անոր չյուսալքուելու ու չլքելու իր դարաւոր հողերն ու բնակավայրերը` վստահելով Աստուծոյ նախախնամութեան:

Հռոմ, 13 մարտ 2012

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

 

Share this Article
CATEGORIES