Օրինակելի Երեւոյթ Մը
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Անցնող շաբաթավերջը սովորականէն տարբեր շաբաթավերջ մը եղաւ Պուրճ Համուտի սիրտը կազմող Նոր Մարաշ թաղամասին համար: Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը այս տարի նշուեցաւ տարբեր շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ` իսկական ժողովրդային տօնախմբութեան մը տարողութիւնը ստանալով:
Քառասնից Մանկանց տօնը նախորդող օրերուն, եկեղեցւոյ երկու մուտքերը առաջնորդող փողոցները ապրեցան մեծ եռուզեռ: Թաղեցիներ եւ օտարներ հետաքրքրութեամբ այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած կրպակները, որոնք զգալի հայկականութիւն մը կը բուրէին: Հոն էին շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-ը, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Կիրակնօրեայ վարժարանները եւ «Հայ ֆուտ»-ը: Իւրաքանչիւրը կը ծանօթացնէր հայապահպանման իր բերած լուման, այն կաթիլը, որ մնացեալ կաթիլներուն միանալով, ծով զոհաբերութեամբ, դիմագիծ եւ ինքնութիւն կու տայ մեզի, յարատեւութիւն եւ տոկունութիւն մեր ժողովուրդին:
Աւանդութեան հետ միասին մշակոյթն ալ ներկայութիւն էր այնտեղ: Տօնախմբութեան նախօրեակին, «Վանայ ձայն»-ի մանկապատանեկան յայտագիրը եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիւրընկալուելով` խինդ ու ժամանց շնորհեց շրջանի 150 մանուկներու, որոնց ծանօթացուց Քառասնից Մանկանց տօնը եւ հարցում-պատասխանի մրցում մը կատարեց անոր շուրջ: Թաղականութիւնը օգտաշատ այս յայտագիրին մասնակցեցաւ մեծաթիւ նուէրներով, զորս բաժնեց ներկայ մանուկներուն: Այդ օր 150 մանուկներ եկեղեցի այցելեցին եւ աւանդական մեր տօներէն մէկուն ծանօթացան, մինչ բազմահազար ուրիշներ յայտագիրին հետեւեցան «Վանայ ձայն»-ի ուղղակի հաղորդումով:
Մանուկներու կողքին, երիտասարդներ եւս իրենց բաժինը ունեցան Քառասնից Մանկանց տօնախմբութեան մէջ: Նախատօնակին, շաբաթ երեկոյեան, եկեղեցւոյ փողոցին մէջ կազմակերպուեցաւ հայ երգի խանդավառ երեկոյ մը` երիտասարդներուն յատուկ: Խումբ մը երգիչներ ազգային ու ժողովրդային երգերով գեղեցիկ մթնոլորտ պարգեւեցին ներկայ երիտասարդութեան:
Նոյն օրը, աւելի քան 75 կամաւորներ, մեծ ու պզտիկ, այր թէ կին, մեղուաջան աշխատանքով կատարեցին աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը, մինչ տասնեակ մը ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ լծուեցան հայ եկեղեցւոյ գմբէթը խորհրդանշող ձեռային հսկայ աշխատանքի մը պատրաստութեան:
Այս բոլորէն ետք, կիրակի օր կատարուած պատարագը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը հիւրընկալող ժողովրդային ընդունելութեամբ եւ կէսօրուան «սիրոյ սեղան»-ով իրենց շուրջ համախմբեցին բազմահարիւր ուխտաւորներ, որոնք ապրեցան յիշատակելի պահեր:
Հիմա, երբ վարագոյրը իջած է տօնախմբութեան ձեռնարկներուն վրայ, կ՛արժէ խորհրդածել կատարուածին եւ ասկէ ետք կատարուելիքներուն մասին:
Կատարուածը գնահատելի գործ մըն էր, անկասկա՛ծ: Շատերու համար շատոնց սպասուած նախաձեռնութիւն մը, հաւանաբար: Արդարեւ, մեր եկեղեցւոյ տօները երկար ժամանակէ ի վեր կորսնցուցած էին իրենց անցեալի փայլքն ու իմաստը եւ սահմանափակուած էին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ծիսական արարողութիւններով միայն: Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան նախաձեռնութիւնը` տօնը եկեղեցւոյ պատերէն դուրս բերելու եւ ժողովրդականացնելու իմաստով, օրինակելի երեւոյթ է:
Ողջունելի է նաեւ տօնին մշակութային դիմագիծ տալու երեւոյթը, նոր սերունդը` պատանիներն ու երիտասարդները հայ երգին, հայ ռատիոկայանին, հայկական տօնին ու աւանդութեան կապելու իմաստով: Այսօր, երբ կը տագնապինք հայ երիտասարդութեան օտարացման երեւոյթով, ու երբ նոր սերունդին հայ մշակոյթէն եւ հայ եկեղեցիէն հեռացման մտահոգութիւնը կ՛ապրինք, նման նախաձեռնութիւններ, որոնք 150 մանուկ եւ 200 երիտասարդ կը համախմբեն եկեղեցւոյ մը գմբէթին տակ, անպայման որ յուսադրիչ ու քաջալերական կրնան ըլլալ:
Նկատելի երեւոյթ էր նաեւ շրջանի ազգային-կուսակցական միաւորներուն ներդաշնակ եւ աշխուժ գործունէութիւնը: Քով-քովի ըլլալու երեւոյթը, իրարմով զօրանալու, բոլորը մէկ մարդու պէս աշխատելու եւ իւրաքանչիւրը բոլորին համար գործելու տրամադրութիւնը ուսանելի է եւ մաղթելի, որ շարունակուի, ամրանայ եւ զարգանայ` յառաջիկայի նորանոր նախաձեռնութիւններով:
Թերեւս շատերուն համար զարմանալի էր մեր ժողովուրդին ցուցաբերած ոգեւորութիւնը այս բոլորին նկատմամբ: Փաստերը եկան ցոյց տալու, որ յաճախ «անտարբերութեամբ» եւ «այլասերութեամբ» մեղադրուող մեր ժողովուրդը գիտէ՛ գնահատել հայկականը, աւանդականը, երբ անիկա ճիշդ ձեւով կը մատուցուի իրեն: Հայկականութենէն, ազգային արժէքներէն հեռացողը անպայման ժողովուրդը չէ, այլ` մարդիկ, միութիւններ, որոնք անտեղի ձեռնթափութեամբ մը յաճախ «ժամանակավրէպ» կը նկատեն նման բաներ եւ տարուէ տարի կը հրաժարին գործէ, նախ իրենք զիրենք ու ապա` իրենց շրջանակը պարպելով այն բոլոր արժէքներէն, որոնք հայ մարդուն գոյատեւման երաշխիքները կը հանդիսանան:
Գաղութային մեր կեանքին մէջ, Քառասնից Մանկանց տօնախմբութեան առիթով պարզուած երեւոյթը նորութիւն էր, աւելի ճիշդ` արմատներու վերադարձի յաջող փորձ մըն էր, որ լաւ կ՛ըլլայ որ որբ չմնայ, այլ` կրկնուի ու բազմանայ նոյն եկեղեցւոյ եւ Լիբանանի մեր բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ`
– Որպէսզի մեր տօները վերածուին հայ մարդը հայկականութեամբ հարստացնող իսկակա՛ն տօներու:
– Որպէսզի հայաշատ մեր թաղամասերու ազգային միաւորները տարին գէթ մէկ անգամ հանդէս գան իրենց ներքին կարողականութիւնները ուժի վերածող միացեալ նման նախաձեռնութիւններով:
– Որպէսզի նորահաս սերունդը նման առիթներով աւելի մօտենայ մեր եկեղեցւոյ եւ հաղորդակից դառնայ այն բոլոր արժէքներուն (բարոյական, ընկերային, կրօնական, մշակութային թէ այլ), որոնք երբեք չեն խամրիր, այլ միշտ կը պահեն իրենց այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը:
– Ու որպէսզի գաղութը աւելի ճառագայթէ իր հայեցիութեամբ` այսօրուան եւ վաղուան բոլոր մարտահրաւէրները ինքնավստահութեամբ, յանդգնութեամբ եւ հաւաքական զօրութեամբ կարենալ դիմագրաւելու համար: