Փինկ Փոնկ. Անթոնի Գաբրիէլեան Փայլուն Արդիւնքներ Կ՛Արձանագրէ Նաեւ Լիբանանեան Բանակին Հետ
ՀՄԸՄ Անթիլիասի փինկ փոնկի խումբին մաս կազմող եւ Ճեմարանի աշակերտ Անթոնի Գաբրիէլեան փայլուն արդիւնքներ կ՛արձանագրէ նաեւ Լիբանանեան բանակին հետ` մասնակցելով փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն:
2000-ի ծնունդ Անթոնի, որ իր դասակարգին մէջ տիրացաւ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած 2011-2012 տարեշրջանի առաջնութեան, մասնակցելով Լիբանանեան բանակի մրցաշարքին, հանդիսացաւ առաջին` պարտութեան մատնելով իր տարիքին կրկնապատիկը տարիք ունեցող մարզիկներ, որոնք մաս կը կազմեն բանակի խումբերուն:
Նախապէս, ճատրակի մրցումներու իր մասնակցութիւնը բերած Անթոնի 2009-ին սկսաւ փինկ փոնկի մրցումներու մասնակցիլ եւ գրաւել առաջնակարգ դիրքեր: Բազմաթիւ առիթներով Մոն լա Սալի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի ախոյեանութեան մասնակցելով, ան ձեռք ձգեց փայլուն արդիւնքներ եւ իր տպաւորիչ խաղարկութեամբ փաստեց, որ ապագայ խոստացող մարզիկ մըն է:
Նախորդ տարի ան մասնակցեցաւ նաեւ Ատապ Ուալ Ռիատա (Քֆարշիմա) ակումբին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան մրցաշարքին եւ գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Նշենք, որ ան լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ նաեւ պասքեթպոլի մրցումներուն ալ:

