Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Տարեցներու Սննդականոնի Եւ Մարզանքի Կարեւորութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու սննդականոնի եւ մարզանքի կարեւորութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուցին սննդագէտ Մարիա Թէքէեան եւ մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ Պէօճեքեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք երկու դասախօսները նշեց, որ սննդականոնը եւ մարզանքը զուգահեռ կ՛ընթանան, իւրաքանչիւր տարիք ունի իր սննդականոնի եւ մարզանքի պայմաններն ու պահանջը: Տարեցներու պարագային հաւասարակշռուած եւ սերտուած մարզանքն ու սննդականոնը հիմնական տուեալներն են ունենալու զօրաւոր ոսկորներ ու մկաններ` աւելի աշխուժ ու բարեձեւ մարմին եւ տրամադրութիւնը բարձր պահելով ունենալու առողջ միտք ու հոգի` առողջ մարմնի մէջ:

Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով առաւելութիւնները լաւապէս սերտուած սննդականոնին, որուն միջոցով կարելի է կանխարգիլել ոսկրափտութիւնը, գիրութիւնը, գերճնշումը, սրտանօթային հիւանդութիւնները եւ մարսողական տարբեր բարդութիւնները:

Սննդագէտը ներկայացուց ծերանալու ընթացքը եւ նշեց, թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան մարմնի կազմութեան, դիմադրողական ու մարսողական համակարգի մէջ: Ընկերային- տնտեսական պայմանները նաեւ կ՛ազդեն տարեցի համապատասխան առողջ սնունդ ստանալու կարելիութեան վրայ:

Ազդակներ, որոնք կ՛ազդեն երկարակեցութեան վրայ.

1- Խմիչքի նուազ գործածութիւն:
2- Հաստատ ճաշի ժամեր:
3- Համապատասխան կշիռք/ծանրութիւն:
4- Բաւարար քուն:
5- Հեռու մնալ ծխախոտէ:
6- Մարզանք:

Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան յաջորդ բաժինով թուեց շարք մը հիմնական բաղադրիչներ, որոնք անհրաժեշտ են տարեցներու պարագային` իրենց սննդականոնի մէջ:

ա- Ջերմուժ.- կշիռքը-ծանրութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ է ունենալ բաւարար ջերմուժ եւ ոչ աւելի:
բ- Փրոթէին  սպիտակուց.- այս կ՛օգնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը լաւապէս պահելու: Հաւկիթի ճերմկուցը, ձուկը, միսը հարուստ են փրոթէինով:
գ- Իւղեր.- անհրաժեշտ են տարբեր կենսանիւթերու, բայց պէտք է զգուշանալ յաւելեալ իւղերու կուտակումէն:
դ- Քարպոհայտրէյթ  ածխաջուրեր.- ջերմուժ կը հայթայթեն մարմնի բջիջներուն եւ ջղային համակարգին: Տարբեր հատիկեղէններու գործածութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ունենալու բաւարար ածխաջուրեր:
ե- Պտուղներ եւ բանջարեղէններ օգտագործել սնունդին մէջ, տարբեր տեսակները, որոնք բոլորը ունին իրենց տարբեր յատկութիւնները:
զ- Ջուրը.- տարեցներու պարագային ջուրի նուազ օգտագործումը կը յառաջացնէ տարբեր բարդոյթներ, հետեւաբար ջուրը բաւարար պէտք է խմել օրական 6-7 բաժակ:
է- Ֆայպըր Մանրաթել.- շատ օգտակար է յատկապէս պնդութեան, սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ շաքարախտի պարագաներուն:
ը- Քալսիոմ, սոտիոմ եւ փոթասիոմ.- աղերու բաւարար օգտագործումը ճաշերու մէջ անհրաժեշտ է տարեցներուն մօտ ոսկորի, մկաններու եւ ջիղերու համակարգի առողջ գործունէութեան համար:
թ- Կենսանիւթ Սի.- անհրաժեշտ է տարեցներուն մօտ, յատկապէս պաշտպանելու մարմինը տարբեր հիւանդութիւններէ:
ժ- Կենսանիւթ  պէ-12.- անհրաժեշտ է արեան կարմիր գնդիկներու ու անոնց քանակի պահպանման:
ի- Կենսանիւթեր Տէ, Ա, Ի.-

Կենսանիւթ Տէ – ոսկորներու առողջ պահպանման:

Կենսանիւթ Ա-  տեսողութեան:

Կենսանիւթ Ի-  լաւագոյն անթի օքսիտան է:

Այս բաժինի աւարտին սննդագէտ Մարիա Թէքէեան շեշտեց մարզանքի անհրաժեշտութիւնը` շարունակաբար պահելու համար մարմնի աշխուժ աշխատանքը:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինով մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ Պէօճեքեան ներկայացուց այն հիւանդութիւնները, որոնք ընդհանրացած են տարեցներուն մօտ` կապուած ոսկորներու եւ մկաններու:

Ոսկրային արթրոզը`  Օսթէօարթրայթիս.- հիմնական քրոնիկ հիւանդութիւններէն է, եւ ցաւի հիմնական պատճառը տարեցներուն քով: Ներկայիս ծունկի գործողութեամբ բուժման միջոցներ կան, որոնք յարաբերաբար կը բարելաւեն ծունկի աշխատանքը:

Ոսկրափտութիւնը.- այս պարագային տարեցներուն քով կը յառաջացնէ տարբեր բարդութիւններ եւ ոսկորի կոտրտուածք:

Մարձումի մասնագէտը շարունակելով ներկայացուց ուսումնասիրութիւն մը, որուն հիման վրայ, երեսուն տարեկանէն վեր մարմինը աստիճանաբար նուազ թթուածին կը ստանայ` 8 առ հարիւր ամէն տասը տարին մէկ:

15 հազար մարդ 65 տարեկանէն վեր կը մահանան իյնալու պատճառով:

Շարունակելով Ռազմիկ Պէօճեքեան թուեց շարք մը յանձնարարականներ:

ա- Մարզանքը` նուազագոյնը շաբաթը 2 անգամ:
բ- Մարզանքը ըլլայ նուազագոյնը 30 վայրկեան:
գ- Մարմինը պատրաստել նախքան մարզանքը եւ մարզանքի աւարտին:
դ- Մասնակցիլ հաւաքական մարզանքներու:

Աւարտին մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ  Պէօճեքեան հրաւիրելով երկու կամաւոր կիներ, ներկայացուց մարզանքի տարբեր ձեւեր, որոնք անհրաժեշտ են տարեցներու ֆիզիքական ու հոգեկան առողջութեան համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES