Լիբանանահայ Գեղանկարիչ Յովսէփ Գասպարեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին երէկ` հինգշաբթի, 22 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ գեղանկարիչ Յովսէփ Գասպարեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին:

Այս առիթով դպրեվանքի անունով խօսք առաւ Յարութիւն Ա. սրկ. Շէրնէզեան: Ան իր խօսքին առաջին բաժինով անդրադարձաւ դպրեվանքի առաքելութեան` յայտնելով, որ դպրեվանքը հայակերտումի պարզ կրթարան մը չէ, այլ` հաւատարիմ իր հիմնադիր հայրապետներուն իր սաները կը լծէ ժողովրդային ծառայութեան, որ կապուած է հայկական արժէքներուն, որոնք մեր անցեալի փառքը կը կազմեն: Շարունակելով իր խօսքը` Շէրնէզեան նաեւ յայտնեց, որ դպրեվանքը կը հաւատայ, թէ հայ արուեստագէտն ու հոգեւորականը, հայ ուսուցիչն ու մտաւորականը նոյն սրբազան ծառայութեան լծուած են` իրենց յատկութիւնները միացնելով նոյն նպատակին: «Դպրեվանքը կը խոստանայ ոչ միայն գործակից դառնալ հայ արուեստագէտին, այլեւ իր սաներուն նկարչական խմբակով հայ արուեստը ծաղկեցնել դպրեվանքին մէջ», աւելցուց Շէրնէզեան:

Խօսելով Յովսէփ Գասպարեանի մասին` ան ըսաւ, թէ արուեստագէտին գործերուն մէջ կան իր տան ու միջավայրին եւ հայրենիքին կարօտն ու սէրը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Յովսէփ Գասպարեանին` դպրեվանքին հետ իր գործակցութեան համար:

Դպրեվանքի խօսքէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս պատգամ ուղղելով ներկաներուն իր գնահատանքը յայտնեց դպրեվանքի կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին: Վեհափառը յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսին ետին պէտք է տեսնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի սիրտը հանդիսացող դպրեվանքը:

«Դպրեվանքը կը պատկանի մեր ազգին», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս, ապա գնահատելով արուեստագէտին գործը յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է անոր գործերէն անդին մտածելու ցուցահանդէսի կազմակերպիչ դպրեվանքին մասին:

Անդրադառնալով գաղութին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն` վեհափառը թէեւ դրական նկատեց անոնց բազմազանութիւնը, սակայն միւս կողմէ մտահոգութիւն յայտնեց այդ ձեռնարկներուն թիւին պարզած պատկերի առնչութեամբ եւ մանաւանդ անընդունելի գտաւ լիբանանահայ գաղութին համար նման երեւոյթ մը` աւելցնելով, որ երիտասարդներ, ուսանողներ, արուեստագէտներ պէտք է ներկայ ըլլան եւ քաջալերեն հայ արուեստը:

Վեհափառը իր խօսքը լիբանանահայութեան ուղղելով յայտնեց, որ պէտք չէ միայն ճաշկերոյթի սրահները լեցնել, այլ նաեւ` մշակոյթի եւ արուեստի սրահները: Ան նաեւ կոչ ուղղեց պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող անձերուն ներկայ գտնուելու նման ձեռնարկներու, որպէսզի օրինակ հանդիսանան իրենց շրջապատին:

Իր խօսքի աւարտին վեհափառը ընդգծեց, որ արուեստագէտներն ու մտաւորականները մեր կեանքի լուսանցքին վրայ չեն, «անոնց տեղը մեր կեանքի մայր էջն է»: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը փակեց կոչ ուղղելով ներկաներուն մեր մտքի, հոգիի, մշակոյթի եւ արուեստի սրահները լեցնելու, որովհետեւ անոնք սրբազան տաճարներ են:

Յովսէփ Գասպարեան այս ցուցահանդէսին կը ներկայանար 35 տարբեր գեղանկարներով:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 ապրիլ 2012, ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն 8:00:

 

 

Share this Article
CATEGORIES