Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նիստերը Սկսան

Երէկ` հինգշաբթի, 22 մարտ 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ սկսան Ազգային երեսփոխանական ժողովի նիստերը, որոնց ընթացքին Ազգային քաղաքական եւ կրօնական ժողովներու պաշտօնավարութեան աւարտին առիթով պիտի քննարկուէին անոնց երկամեայ նստաշրջանի գործունէութիւնը:

Արդարեւ, անդրանիկ նիստին ընթացքին քննարկուեցան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները եւ տրուեցան անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները:

Այսօր տեղի պիտի ունենայ երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին 2011-ին իրականացած հաշուեկշիռը, 2012-ի նախահաշիւ պիւտճէն նաեւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրը: Ապա տեղի պիտի ունենայ կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES