Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Մշակելու Ջրային Հարստութեան Վերաբերող Ռազմավարութիւն Մը
Ջուրի միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց վերջ տալու կառավարութեան աշխատանքը արգելակող խոչընդոտներուն, որպէսզի կառավարութիւնը առիթ ունենայ աւելի ազդու կերպով աշխատելու կենսական եւ բարգաւաճման իր ծրագիրներուն գործադրութեան վրայ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց Լիբանանի ջրային հարստութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ 21-րդ դարու դիմագրաւած տագնապներուն շրջագիծին մէջ ջուրը մեծագոյն խորագիրն է:
Ան ըսաւ, որ պէտք է մշակել ազգային ռազմավարութիւն մը` փրկել կարենալու համար Լիբանանի ջրային հարստութիւնը, որ նոյնքան կարեւոր է, որքան կազն ու քարիւղը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Փերուի արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Պրաունը, որ ժամանած էր Լիբանան` նախագահ Սլէյմանի յանձնելու համար հրաւէր մը` մասնակցելու լատին ամերիկեան երկիրներուն վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 26 եւ 27 սեպտեմբերին:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ: