Մուամպա Սկսած Է Ճանչնալ Իր Ընտանիքը

Լոնտոնի «Չեսթ» հիւանդանոցին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Պոլթընի ֆութպոլիստներէն Ֆապրիս Մուամպա, որ նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մրցումին ընթացքին սրտի տագնապ ունենալով ինկած էր գետին, ապա փոխադրուած` հիւանդանոց, մահաքունի մէջ ըլլալով սկսած է ապաքինումի նշաններ ցոյց տալ, որովհետեւ սկսած է ճանչնալ իր ընտանիքին անդամները:

Հակառակ ատոր սակայն, 23 տարեկան մարզիկը շատ զօրաւոր հսկողութեան տակ է, որովհետեւ անոր կեանքը կը մնայ վտանգուած:

Նշենք, որ Մուամպա մաս կը կազմէ Անգլիոյ ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին:

Share this Article
CATEGORIES