Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Ամէնէն շատ չարչարանք կրողն է, ամէնէն սրբակեաց անձն է, ամէնէն մեծ ու մնայուն արդիւնքներ ձգողը եղաւ Հայաստանեայց եկեղեցիին: Մէկ խօսքով` Հայ եկեղեցիի մեծագոյն գործիչը եւ աւետարանիչն է, այն աստիճան, որ հետեւողութեամբ «Երեքտասաներորդ» Պօղոս առաքեալի` ինքն ալ կոչուեցաւ «Չորեքտասաներորդ առաքեալ» մեր մէջ:

Եթէ «Յաճախապատում» կոչուած սքանչելի ճառերու հաւաքածոն կամ իր առաջին կենսագիր Ագաթանգեղոս պատմիչի գրքին մաս կազմող «Վարդապետութիւն Սրբոյն Գրիգորի» կոչեցեալ քարոզներն ալ իրեն վերագրենք, ինչպէս կ՛ընէ արդարեւ պատմութիւնը, Գրիգոր կ՛ըլլայ նաեւ մեր մեծագոյն աստուածաբանը եւ քարոզիչը, որուն անունով կարեւոր գրաւոր ժառանգութիւն մըն ալ ձգուած է մեզի:

Հիմնադիր կոչուելու աստիճան վերանորոգիչը եւ վերակենդանացնողը եղաւ Հայ եկեղեցիին: Իրմով սկսաւ հայոց կաթողիկոսութիւնը: Առաջին հայ եկեղեցիները, որոնց գլուխը կը կենայ Էջմիածնի մայր տաճարը, իր նախաձեռնութեամբ կառուցուեցան: Ու վերջապէս, ամբողջ հայ ժողովուրդը` իր թագաւորով, պալատականներով, իշխաններով, բանակով, ազատորեարով ու ռամիկ զանգուածով առաջնորդեց Աւետարանի լոյսին` ժառանգելով արժանապէս Լուսաւորիչ պանծալի տիտղոսը: Մեր եկեղեցիին միակ սուրբն է, որ համաքրիստոնէական ընդունելութեան եւ տօնակատարութեան արժանացած է:

Ծնած է հայ հողի վրայ, հաւանաբար այդ օրուան հայոց մայրաքաղաք Վաղարշապատին` այսօրուան Էջմիածին քաղաքին մէջ, քանի որ անոր ծննդեան օրերուն իր ծնողքը, հանդերձ ընտանեօք, հիւրն էին հայոց Խոսրով թագաւորին: Իսկ ազգային աւանդութիւնը կը հաստատէ, որ իր մայրը յղացած է զայն հայոց Արտազ գաւառին մէջ, մօտերը այսօրուան Ս. Թադէի նշանաւոր վանքին: Անորոշ կը մնայ իր ծննդեան թուականը, որ կը տարուբերի 239-257-ի միջեւ: Մենք, հետեւելով օքսֆորտեան եւ սրբոց բառարաններուն, դրած ենք զայն 240 թուականին:

Իր մանկութեան պարագաները որքան եղերական` նոյնքան ալ յոյժ հետաքրքրական են: Որդին է Անակ Պարթեւ իշխանին, որ Հայաստան ղրկուած էր պարսից Արտաշիր Սասանեան թագաւորին կողմէ, ամբողջ ընտանեօք եւ իբր թէ հալածական, որպէսզի նենգութեամբ սպաննէ հայոց թագաւորը` վերջ տալու համար հայ Արշակունի թագաւորական գերդաստանին, ինչպէս վերջ տրուած էր անոր մայր ճիւղին Պարսկաստանի մէջ: Անակ կը յաջողի սպաննել հայոց Խոսրով թագաւորը, բայց իր կարգին կը սպաննուի հայ իշխաններու կողմէ, եւ կը բնաջնջուի իր ընտանիքը` մեռնող թագաւորին հրամանով: Այս կոտորածէն կ՛ազատին երկու մանուկներ. մէկը կը փախցուի ետ Պարսկաստան, իսկ միւսը` Կեսարիա: Այս վերջին մանուկն է, որ կը ստանայ Գրիգոր անունը եւ կը դառնայ հայոց ապագայ լուսաւորիչը:

Գրիգոր Կեսարիոյ մէջ կ՛իյնայ քրիստոնէական շրջանակի մէջ եւ, հետեւաբար, կը ստանայ քրիստոնէական հիմնական դաստիարակութիւն եւ յունական բարձր կրթութիւն` հոգածութեամբ նոյնինքն Կեսարացի Եւթաղիոսի, որուն քոյրը կը նկատուի Գրիգորը փախցնող ստնտուն, որուն անունն էր Սոփիա: Կեսարիոյ օրուան արքեպիսկոպոսը` Փիրմիլիանոս, կարեւոր դեր ունեցած կը նկատուի անոր դաստիարակութեան մէջ: Երբ չափահաս կ՛ըլլայ, կ՛ամուսնանայ Մարիամ անունով օրիորդի մը հետ, որ կը նկատուի քոյրը Սեբաստացի Աթանագինէս եպիսկոպոսին, որ նահատակուելով` անցած էր սուրբերու կարգը, եւ որուն նշխարները Հայաստան պիտի բերէր Գրիգոր իր ձեռնադրութենէն յետոյ: Ունեցաւ երկու զաւակներ` Վրթանէս եւ Արիստակէս:

Ատեն մը յետոյ Գրիգոր Աստուծոյ ծառայելու կոչում զգալով իր մէջ` փոխադարձ համաձայնութեամբ եւ սիրով բաժնուեցաւ իր կնոջմէ, որ կուսանոց մտաւ, իսկ զաւակները յանձնուեցան իրենց ծանօթ ու վստահելի անձերու խնամքին ու դաստիարակութեան: Այդ օրերուն հայոց սպանեալ թագաւորի որդին` Տրդատ հռոմէական բանակով մը կ՛անցնէր Կեսարիոյ կողմերէն` երթալ տիրանալու համար իր հօր գահին: Գրիգոր, օգտուելով առիթէն, մտաւ Տրդատի ծառայութեան մէջ, երբ շուրջ 35 տարեկան հասուն անձնաւորութիւն մըն էր: Տրդատ, գնահատելով անոր բարձր ուսմունքը եւ կարողութիւնները, կարգեց զայն արքունի դիւանապետ:

Տրդատ կարեւոր յաղթանակ մը շահելէ յետոյ զոհ մատուցանելու համար եկաւ հայոց կռապաշտական կեդրոններէն մէկը եղող Երիզա աւանը (ետքէն ծանօթ` Երզնկա եւ այժմ Էրզինճան անուններով): Այստեղ կը գտնուէր հայոց ամէնէն ժողովրդական դիցուհիին` Անահիտի ոսկի արձանը: Զոհագործութեան յաջորդող գինարբուքի ընթացքին Տրդատ հրամայեց Գրիգորին, որ դալար ճիւղերէ պսակ մը դնէ Անահիտի արձանին առջեւ. Գրիգորի մերժելուն վրայ` մէջտեղ ելաւ իր քրիստոնեայ ըլլալը եւ դատապարտուեցաւ ահաւոր չարչարանքներու, որոնցմէ 12 հատ կը յիշուին իր կենսագրութեան մէջ, եւ որոնցմէ մէկը միայն կրնար սպաննել ոեւէ սովորական մահկանացու մը: Գրիգոր ոչ միայն գերբնական համբերութեամբ կը տոկար անոնց, այլ նաեւ քաջ պատուիրաններով կր քարոզէր քրիստոնէութիւնը: Ի յիշատակ այս չարչարանքներուն` Երզնկային մէջ գոյութիւն ունէր «Լուսաւորչի Չարչարանաց վանքը, քաղաքէն դէպի հարաւ երկու ժամ հեռու»:

Ի վերջոյ մէջտեղ ելաւ նաեւ Գրիգորին Անակի որդին ըլլալը, ինչ որ աւելի կատղեցուց Տրդատը, որ հրամայեց նետել զայն Արտաշատի Խոր Վիրապ կոչուած ահաւոր բանտը, որ սահմանուած էր առ հասարակ մահուան դատապարտուած մեծ յանցապարտներու: Այստեղ նետուողը կարճ ժամանակ յետոյ կը մեռնէր անսուաղութենէ, օձերու խայթումներէ եւ ապականած օդէն: Սակայն Գրիգոր կրցաւ այստեղ ապրիլ 13-15 տարիներ` Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ հոգածութեամբ քրիստոնեայ կնոջ մը, որ միջոցը գտած էր ուտելիք նետելու վիրապէն ներս: Այս վիրապը մինչեւ օրս կը պահէ իր գոյութիւնը Արտաշատ քաղաքի մօտիկ բլուրի մը վրայ, պատմական վանքի մը մէջ, եւ մեր եկեղեցիի կարեւոր ուխտատեղիներէն մէկն է:

Ապա Տրդատ հալածանք հանեց քրիստոնեաներու դէմ, որուն ընթացքին նահատակուեցան Հռիփսիմեանց կոյսերը, ինչ որ Տրդատի եւ իր պալատականներէն շատերուն ջղագարութեան կամ խելագարութեան պատճառ եղաւ: Տրդատի քոյրը` Խոսրովիդուխտ, երազ կը տեսնէ, ուր կը թելադրուի իրեն, որ Գրիգոր միայն պիտի կրնար բուժել իր եղբայրը: Ոչ ոք կարեւորութիւն կուտայ երազին, որովհետեւ ամէն մարդ այնպէս համոզուած էր, որ Գրիգոր շատոնց մեռած էր արդէն վիրապին մէջ: Երազը բազմիցս կրկնուելուն` մարդ կր ղրկեն Արտաշատ եւ ի մեծ զարմացումն ամէնքին, ողջ կը գտնեն զայն Խոր Վիրապին մէջ: Կը բերեն Վաղարշապատ, ուր Տրդատ եւ միւս հարուածեալները մասամբ մը զգաստութեան կը բերուին Գրիգորի աղօթքով: Ապա հաւաքել կու տայ Հռիփսիմեանց անթաղ մնացած մարմինները եւ կը զետեղէ զանոնք յատուկ սնտուկներու մէջ` ի վերջոյ թաղելու համար անոնց նահատակութեան վայրերուն վրայ կառուցուած մատուռներուն մէջ: Գրիգոր կը սահմանէ հնգօրեայ խիստ ծոմապահութիւն, ըստ Տէրունական խօսքին, թէ կարգ մը «Դեւեր», որոնք պատճառ կ՛ըլլան մարդոց հոգեւոր հիւանդութիւններուն, «կ՛ելլեն միայն պահքով եւ աղօթքով»: Որմէ յետոյ կրկին կ՛աղօթէ Գրիգոր, ու ամէնքն ալ կը բուժուին բոլորովին: Այս խիստ պահեցողութեան յիշատակն ալ կը պահուի մեր եկեղեցիին մէջ մինչեւ այսօր Առաջաւորաց պահք անունով, որ կը հանդիպի Մեծ պահքէն երկու շաբաթներ առաջ: Տրդատի, պալատականներու եւ ամբողջ բանակի ապաշխարութեան շրջանը կը շարունակուի երկու ամիսներ եւս, որուն ընթացքին Գրիգոր անընդհատ կը քարոզէ եւ կը սորվեցնէ ամէնքին քրիստոնէական կրօնքին բոլոր հիմնական սկզբունքները: Այս քարոզութիւնը պահուած է անոր վարքը գրող Ագաթանգեղոս պատմիչի գրքին մէջ` «ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՅՆ ԳՐԻԳՈՐԻ» անուան տակ, որ կը գրաւէ գրքին պարունակութեան աւելի քան կէսը:

Վիրապէն ելքը տեղի ունեցաւ 301-ին վերջերը, իսկ քարոզութիւնը կը շարունակուի միչեւ 302-ի սկիզբները: Այս ատեն է, որ Ս. Գրիգոր կ՛ունենայ իր նշանաւոր տեսիլքը, ուր Աստուծոյ Միածին Որդին կ՛իջնէ Արարատեան դաշտը ու կը յայտնէ չորս սրբատեղիներու կառուցման վայրերը եւ շինուելիք եկեղեցիներու ձեւերը: Կը շինուին արդարեւ երեք վկայարաններ. մէկը Հռիփսիմէի եւ իր 33 ընկերներու նահատակութեան վայրը, երկրորդը` Գայեանէի եւ երկու ընկերներուն մարտիրոսացած տեղը եւ երրորդը` կոյսերու բնակավայր եղած Հնձանին վրայ, ուրկէ տեսած էր Գրիգոր այս տեսիլքը: Այս վկայարաններուն մէջ կը թաղուին նահատակ կոյսերուն մարմինները: Այս վկայարան-եկեղեցիներն ալ կը պահեն իրենց գոյութիւնը մինչեւ այսօր, Էջմիածին քաղաքի շրջակայքը: Իսկ Միածնի իջման վայրը շրջապատեց յատուկ որմով, որուն մէջտեղը բարձրացուց մեծ խաչ մը եւ իր ձեռնադրութենէն յետոյ միայն, 303-ին, կառուցանել տուաւ Հայոց Մայր Տաճարը եւ համայն քրիստոնէութեան առաջին պաշտօնական աղօթավայրը, որ երբեւիցէ շինուած ըլլայ հողին մակերեսը: Իսկ 302-ին է, որ Տրդատ յատուկ հրովարտակով քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակեց Հայաստանի մէջ:

Ցարդ կատարուած բոլոր գործերը Գրիգոր ի գլուխ հանած էր աշխարհական վիճակի մէջ: Սակայն երբ ապաշխարած արքունիքը, բանակը եւ ժողովուրդը պատրաստ էին մկրտութեան համար եւ պէտքը զգացուեցաւ եկեղեցին օժտելու յատուկ ժամապաշտութեամբ եւ այլ կարգ կանոններով, այն ատեն անհրաժեշտ տեսնուեցաւ կարիքը կարգաւոր հոգեւորականներու: Ամէնքի փափաքով Գրիգոր ղրկուեցաւ Կեսարիա ձեռնադրութեան համար ու արդարեւ ստացաւ եկեղեցական բոլոր կարգերը, մանրներէն մինչեւ բարձրագոյն եպիսկոպոսական աստիճանը եւ ճանչցուեցաւ արքեպիսկոպոս կամ կաթողիկոս հայոց աշխարհին: Կեսարիայէն մեկնելու ատեն ստացաւ նաեւ Յովհաննէս Մկրտչի նշխարներէն մեծ մաս մը, ապա հանդիպելով Սեբաստիա` այնտեղէն ալ վերցուց իր ազգական Աթանագինէս նահատակեալ եպիսկոպոսին մարմինը եւ երկու քաղաքներէն ու շրջանակներէն հաւաքած հոգեւորականներու մեծ խումբով վերադարձաւ Հայաստան:

Ճամբուն վրայ առաջին անգամ հանդիպեցաւ Տարօն գաւառը` այսօրուան Մուշ քաղաքը եւ շրջակայ երկրամասը, ուր չէր հանդիպած առաջին քարոզութեան ընթացքին, եւ ուր տակաւին կը շարունակուէր կռապաշտութիւնը, կործանեց կուռքերը, եւ անոնց մեհեանները նորոգելէ յետոյ սրբագործելով` վերածեց քրիստոնէական աղօթավայրերու: Շինեց յատուկ վանք, որ կոչուեցաւ Ս. Կարապետ, որովհետեւ անոր մէջ դրաւ Ս. Յովհաննէս Կարապետի նշխարները, եւ որ դարձաւ հայ եկեղեցիի ամէնէն նշանաւոր ուխտատեղին: Այս պատմական վանքը այսօր հիմնայատակ կործանած է:

Ուրեմն Տարօն գաւառին մէջ շինուեցան եւ նուիրագործուեցան մեր առաջին եկեղեցիները, եւ այստեղէն սկսաւ հայ ժողովուրդին մկրտութիւնը մեծամեծ զանգուածներով, տասնեակ հազարներով, հարիւր հազարներով:

Տարօնի մէջ եկեղեցին ամուր հիմքերու վրայ դնելէ եւ հոգեւորականներ նշանակելէ յետոյ Ս. Գրիգոր շարունակեց իր ճամբան դէպի երկրին մայրաքաղաքը` Վաղարշապատ: Տրդատ, իմանալով Գրիգորի գալուստը, աճապարեց ու ընդառաջ եկաւ Լուսաւորչին, հետն ունենալով իր Աշխէն թագուհին եւ Խոսրովիդուխտ քոյրը եւ պալատական իշխանները` ի գլուխ հսկայ բանակի մը, մինչեւ Բագաւան, որ կրնար կէս ճամբան նկատուիլ Տարօնի եւ Վաղարշապատի միջեւ: Այստեղ է, որ կատարուեցաւ Տրդատի, իր հետեւորդներուն, բանակին եւ ժողովրդի հսկայ զանգուածին մկրտութիւնը, Եփրատի արեւելեան կամ հարաւային ճիւղը կազմող Արածանի գետի ակունքներուն մէջ: Արածանի այսօր կը կոչուի Մուրատ սու:

Երբ հասան Վաղարշապատ, Գրիգորի առաջին գործը եղաւ պատարագի քարէ սեղաններ կանգնել Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեանց վայրերուն վրայ նախապէս իր կառուցանել տուած վկայարաններուն մէջ: Ապա ձեռնարկեց շինելու Էջմիածնի մայր տաճարը, որ թագաւորի, իշխաններու եւ հայ ժողովուրդի սերտ համագործակցութեամբը աւարտեցաւ նոյն տարին` 303-ի ամառը, եւ օծումը կատարուեցաւ Վերափոխման տօնի նախօրեակին: Ասկէ յետոյ կրկին ձեռնարկեց Գրիգոր ընդարձակ եւ ընդհանուր քարոզութեան, Աւետարանի լոյսը եւ ճշմարտութիւնը տանելով ոչ միայն Հայաստան աշխարհի ամէն կողմերը, այլեւ նաեւ անոր սահմաններէն դուրս շրջակայ երկիրները, հիւսիսէն` վրացիներուն, հիւսիս-արեւելքէն` աղուաններուն եւ այլ Կովկասեան ցեղերուն, հարաւ-արեւելքէն` ատրպատականցիներուն եւ կորդուքներուն (քիւրտերուն) եւ այլ շատ մը ցեղախումբերուն, որոնցմէ 7-8 հատին անունները կու տայ պատմիչը, եւ որոնք այսօր գոյութիւն չունին այդ անուններով: Այնպէս որ, Լուսաւորչի քարոզութիւնը եւ գործունէութիւնը կը տարածուէր Կովկասէն մինչեւ Միջագետք, Եփրատէն մինչեւ Կասպից ծով: Կովկասի բարբարոսներուն իբրեւ քարոզիչ եւ աղուանից իբրեւ կաթողիկոս ղրկեց իր թոռը` Գրիգորիսը: Ձեռնադրեց նախ 12 եպիսկոպոսներ, որոնք կազմեցին հայրապետանոցի «Երկոտասանից ժողովը»: Եւ ապա բազմաթիւ ուրիշ եկեղեցականներ ու եպիսկոպոսներ` երկրի ամէն կողմերուն համար: Հաստատեց դպրոցներ, երկրի հարաւը` ասորական լեզուով, իսկ միւս մասերուն մէջ` հելլէնական դպրութեամբ: Ծիսական ու պաշտամունքային դրութիւն կազմակերպեց: Սահմանեց նաեւ բարեկարգական զանազան կանոններ, որոնք ետքէն ի մի հաւաքուեցան, հաւանաբար յաւելեալ ձեւի տակ եւ կոչուեցան «Կանոնք Սրբոյն Գրիգորի Առաքելոյ Հայոց»:

Գրիգոր ծերութեան տարիներուն յատուկ հակամէտութիւն ցոյց տուաւ առանձնական ու ճգնողական կեանքի: Բայց իր առանձնացումի ընթացքին ալ չէր մոռնար իր ժողովուրդը, այլ հոգեկան ու ֆիզիքական նոր ուժեր ամբարելով` կրկին կ՛ելլէր քարոզչական շրջագայութեան` իր աշակերտներով միասին, եւ կը հաստատէր ամէնքը հաւատքի մէջ: Տրդատ, նկատի ունենալով Լուսաւորչի այս պարբերական մեկուսացումները, Կեսարիայէն բերել տուաւ անոր որդիները` Արիստակէսը, որ արդէն իսկ կուսակրօն կեանք ընտրած էր, եւ Վրթանէսը, որ ամուսնացած եւ երկուորեակ զաւակներու հայր եղած էր: Ասոնք եւս եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան իրենց հօրմէն եւ օգնական կարգուեցան անոր հայրապետանոցի եւ արքունիքին մէջ:

Գրիգորի վերջին տարիներուն` 325-ին գումարուեցաւ Նիկիոյ տիեզերական ժողովը, որուն հրաւիրուեցաւ նաեւ ինք, բայց ծերութեան պատճառով չկրցաւ երթալ, իր տեղ ղրկեց իր որդին` Արիստակէսը: Երբ բերաւ ան Նիկիոյ հանգանակը, Լուսաւորիչ կնքեց զայն իր կողմէ աւելցնելով. «Իսկ մեք փառաւորեսցուք» փառատրական վերջաբանը, որ միչեւ օրս կը կրկնուի Ս. պատարագի ընթացքին, հաւատամքի վերջաւորութեան:

Ս. Գր. Լուսաւորիչ` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու կողմէ հաստատուած Հայոց եկեղեցին հիմնովին վերանորոգեց ու վերակենդանացուց: Ժամանակակից պատմիչին բառերով` «զՀայաստան երկիրն պայծառացեալ` հանդերձ արքայիւն Տրդատաւ` զամենայն աւուրս կենաց իւրոց ԼՈՒՍԱՒՈՐԷՐ® առ ի սթափել, զուարթացուցանել, եւ հաստահիմն առ խոստացեալ աւետիսն քաջալերել»:

Ս. Գրիգոր, լման քառորդ դար մը մեծ արդիւնաւորութեամբ կառավարելէ եւ ամրացնելէ յետոյ Հայոց եկեղեցին, առ Աստուած փոխեցաւ 326-ին իր առանձնացումի շրջաններէն մէկի ընթացքին, եւ ոչ ոք լուր ունեցաւ իր մահէն: Հովիւներ, գտնելով անոր մարմինը, թաղեցին զայն, առանց գիտնալու, թէ որո՞ւ մարմինն էր: Տարիներ յետոյ յայտնուեցաւ անոր թաղման տեղը եւ նշխարները, եւ մեծ հանդէսով փոխադրուեցաւ ու թաղուեցաւ Թորդան աւանը:

Հայաստանեայց եկեղեցին ներկայիս երեք անգամ կը կատարէ սուրբին յիշատակը. առաջինը ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ ԵՒ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ անունով` Մեծ պահոց Զ. կիրակիի նախընթաց շաբաթ օրը, երկրորդը` ԵԼՆ Ի ՎԻՐԱՊԷՆ` տօն կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի նախորդ շաբաթ օրը, երրորդը` ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ` զկնի Հոգեգալստեան Դ. կիրակիի նախորդ շաբաթ օրը: Երեք տօներն ալ ունին իրենց նախընթաց շաբաթապահքերը: Օտար եկեղեցիներ կը տօնեն զայն սեպտ. 30-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES