Շարպել Եւ Զօր. Ռիֆի Այսօր Կ՛Այցելեն Ռումիէ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել` ընկերակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի, այսօր պիտի այցելէ Ռումիէի բանտը:
Միւս կողմէ, Շարպել «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանային զարգացումները քաղաքական ենթահողի վրայ հիմնուած չեն:
Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան վտանգէ հեռու պիտի մնայ` նկատի ունենալով, որ բոլորը կարիքը ունին Լիբանանի կայունութեան: «Ոչ մէկ մտահոգութիւն ունիմ, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները Լիբանան ներթափանցեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կառոյցներուն հետ իր ունեցած բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտը կը դրուի Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը կասեցնելու հարցին վրայ:
Շարպել աւելցուց, որ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանան իր պարտականութիւնները լիովին կատարած է:

