«Յուսահատութենէ Եւ Չքաւորութենէ Դէպի Ինքնաբաւութիւն Եւ Յոյս»

Վերոյիշեալ տողը կը կազմէ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի առաքելութենէն մաս մը, որուն շունչով օժտուած հաստատութիւնը աւելի քան 45 տարիներէ ի վեր օժանդակութիւններու, ինչպէս` դեղորայքի, հիւանդանոցային, ընկերային եւ ընտանեկան հարցերու, եւ բարգաւաճման ծրագիրներու ընդմէջէն ծառայութիւններ կը մատուցէ լիբանանահայ գաղութի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Հաւատալով, որ իւրաքանչիւր անհատ ունի կարողութիւններ եւ զանոնք զարգացնելով եւ ի գործ դնելով կեանքի մէջ դրական փոփոխութիւն կարելի է ձեռք ձգել եւ ինքնաբաւ դառնալ, եւ քայլ պահելով ընկերային ծառայութեան մարզին նորագոյն եւ այժմէական միջոցներուն հետ ծառայողական ծրագիրներու կողքին, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը իր աշխատանքները կը կեդրոնացնէ համայնքային բարգաւաճման ծրագիրներու վրայ` իր տարբեր բաժանմունքներու ծրագիրներուն մէջ ներառելով բարգաւաճման մօտեցումով ծրագիրներ եւ տարբեր ծրագիրներու ընդմէջէն մարդոց կարողականութիւնը զարգացնելով, որպէսզի յուսալքումէ եւ չքաւորութենէ հասնին ինքնաբաւ եւ յուսալից կացութեան:

«Ճինիշեան»-ի բարգաւաճման բաժանմունքի ծրագիրները շրջանի բնակչութեան առաջարկներով, անոնց մասնակցութեամբ եւ ներդրումով կը մշակուին ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուելով: Ճիշդ այդ պատճառով է, որ ներկայիս Պուրճ Համուտի շրջանէն տարբեր տարիքային խումբերու` շրջանին մէջ գործող երիտասարդական, ուսանողական, եկեղեցական տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ կը կազմակերպէ լսելու համար ժողովուրդին կարծիքն ու առաջարկները շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային կամ այլ հարցերու, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններու մասին:

Այս յօդուածով եւ յաջորդող քանի մը շաբաթներու ընթացքին հրատարակուելիք գրութիւններով մենք պիտի անդրադառնանք հաստատութեան բարգաւաճման ծրագիրներուն:

Այս գրութեամբ մենք ընթերցողներուն սեփականութիւնը պիտի դարձնենք «Ճնշուածութեան կառավարման» (Stress Management) մարզում-դասընթացքի եւ աշխատանքային գործնական հանդիպումներու շարքին մասին մանրամասնութիւններ:

Հարկ է ընդունիլ, որ ճնշուածութիւնը մեր առօրեային գլխաւոր հարցերէն է, եւ ան պատճառ կը դառնայ զանազան այլ հիւանդութիւններու եւ հարցերու: Տոքթ. Պրիժիթ Խուրի (Լիբանանի Հոգեբանական միութեան հիմնադիր նախագահ եւ ընդհանուր քարտուղար) վերջերս «Տը Տէյլի Սթար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշած է, թէ` «Լիբանանցիք կ՛ապրին գերճնշուած միջավայրի մէջ, սկսելով խճողումէն, հասնելով մինչեւ անսպասելի եւ անակնկալներով լեցուն մեր առօրեային: Ճնշուածութիւն կը յառաջացնէ նոյնիսկ անձնական փոքր մակարդակի վրայ իրողութիւններ գուշակելու անկարելիութիւնը, ինչպէս` ջուրը, ելեկտրականութիւնը եւ աւելի լայն մակարդակի վրայ` ապահովութիւնը»: Ան կ’աւելցնէ, թէ «Ճնշուածութենէ տառապիլը կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ մեր վարուելակերպին, մտային  եւ Ֆիզիքական առողջութեան վրայ` առանց իսկ մեր գիտակցութեան»:

Նկատի ունենալով այս բոլոր տուեալները եւ մեր ունեցած հարցազրոյցները «Ճինիշեան»-ի իգական սեռի պարագաներուն հետ` «Ճնշուածութեան կառավարման» դասընթանցքը ծրագրուեցաւ:

Այս դասընթացքը պիտի գործադրուի «Տիվէլոփմընդ էնտ պիյոնտ» կազմակերպութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի իրերօգնութեան սնտուկի հետ գործակցաբար: Ընդհանուր ծրագիրը կը միտի ճնշուածութենէ տառապող կամ անոր սեմին գտնուող հայ կիներու կարողականութիւնները զարգացնել շաբաթական դրութեամբ կազմակերպուող հանդիպումներու ընդմէջէն: Մասնագէտներու հետ տեսական եւ դասախօսական հանդիպումներ կազմակերպելով` ներկաներուն սեփականութիւնը դարձնել Ճնշուածութիւնը կառավարելու կամ անոր դէմ պայքարելու առողջ միջոցները, հարցը կամ կացութիւնը սկզբնական շրջանին լուծելու կարողութիւնն ու հմտութիւնը փոխանցել անոնց, որպէսզի արագ կամ ժամանակաւոր լուծումին` հանդարտեցուցիչ դեղահատերու չդիմեն, այլ` առողջ միջոցներով պայքարին նոյնինքն Ճնշուածութիւն պատճառող ազդակներուն դէմ:

Դասախօսական շարքին կողքին, հանդիպումները պիտի ընդգրկեն նաեւ վարժութեան բաժիններ, ինչպէս` հոգեւոր սնունդ, մարզանք, պար, շնչառութեան վարժութիւն:

Այս հանդիպումները պիտի սկսին ապրիլ 10-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ճինիշեանի գրասենեակներէն ներս: Ամբողջ շարքին հետեւողներէն պիտի ընտրուին 5 անձեր, որոնք ԱՖՀԻԼ-ի մարզական կեդրոնէն զեղչի յատուկ կտրօններ պիտի ստանան:  Նկատի ունենալով սահմանափակ թիւով տեղերը,  մասնակցիլ փափաքողները պարտին նախապէս իրենց անունները արձանագրել` հեռաձայնելով Ճինիշեան` 01-241295 եւ 70-170558, կամ անձամբ ներկայանալ գրասենեակ Արաքս թաղ:

Ստորեւ կը գտնէք հանդիպումներու նիւթերը.-

1. Ճնշուածութեան սահմանում եւ անոր դրդապատճառները, Ղիտա Հիւսէյնի-Օքսընպոլ

2. Ճնշուածութեան նշաններ եւ ախտանշաններ,  Ղիտա Հիւսէյնի-Օքսընպոլ

3. Ինչպէ՞ս ճնշուածութիւնը կը զարգանայ եւ ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ զայն կառավարելու/դիմագրաւելու աշխատանք չտանինք, տոքթ. Մարալ Տ. Պոյաճեան

4. Հանդարտեցուցիչ դեղերը եւ անոնց հակազդեցութիւնները, տոքթ. Մարալ Տ. Պոյաճեան

5. Ճնշուածութեան հետեւանքները մարմնին վրայ. ճնշուածութեան կառավարման ձեւեր եւ միջոցներ-Ղիտա Հիւսէյնի-Օքսընպոլ

6. Հոգեկան ճնշուածութիւն (վարուելակերպի փոփոխութիւններ, ընտանեկան հարցեր, զաւակներու հետ հաղորդակցութիւն…), Ղիտա Հիւսէյնի-Օքսընպոլ

7. Հոգեւոր մօտեցումը` ճնշուածութիւնը յաղթահարելու, Տէր Սարգիս քհն. Սարգիսեան:

8. Հարցերու կառավարում (conflict resolution), տիկին Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան

9. Հասկնալ մեր զաւակներուն հոգեբանութիւնը եւ անոնց դիմագրաւած ճնշուածութիւնը, տիկին Նաթալի Տէր Սահակեան-Այվազեան

10. Հորմոնային եւ կնոջական համակարգը եւ ճնշուածութիւնը, տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան:

11. Ընտանիքին սեռային առողջապահութիւնը, տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան:

12. Դաշտանադադարը եւ ճնշուածութիւնը արդեօք իրարու հետ ուղղակիօրէն առնչուա՞ծ են. տարբեր մշակոյթներու մօտեցումները, օրդ. Լիւսի Սաղրեան

 

ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Share this Article
CATEGORIES