Թուրքիոյ Կառավարութեան Դէմ Դատ Բանալու Հայոց Պատրիարքարանին Խիզախ Քայլը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին եւ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին կողմէ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ դատ բանալու համարձակ քայլը, որով կը պահանջուի վերադարձնել պատմական նշանակութիւն ունեցող հայկական կալուածները, արժանի է ամենայն գնահատանքի:

Թուրք պաշտօնատարները, ըստ սովորութեան, թշնամաբար կը վերաբերին նման դատերու եւ մեծ ճնշում կը գործադրեն դատաւորներուն վրայ, որպէսզի անոնք մերժեն փոքրամասնութիւններուն կողմէ հնչած գոյքային հայցերը` չափազանց դժուարացնելով, եթէ ոչ` անկարելի դարձնելով, նմանատիպ դատավարութիւններու մէջ անոնց յաղթանակը: Այնուամենայնիւ, ասիկա անհրաժեշտ առաջին քայլն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ Թուրքիոյ դատարանին ակնկալելի բացասական վճիռը բողոքարկելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ, ուր հայցուորը արդար դատավարութեան շատ աւելի մեծ կարելիութիւն ունի:

Մարտ 14-ին, Պատրիարքարանին կողմէ ներկայացուած դատին պահանջն է վերադարձնել Կարնոյ մէջ գտնուող Սանասարեան վարժարանին պատկանող հայկական կալուածները, զորս թրքական իշխանութիւնները գրաւած են 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք: Վարժարանին այժմ տասնեակ միլիոն տոլարներ արժող արժէքաւոր կալուածները կը ներառեն Կարնոյ մէջ գտնուող ինը հողակտոր, Աղուերէն գիւղին մէջ պարտէզով տուն մը եւ  հսկայական հող, Կեզ գիւղին մէջ երկու հողակտոր եւ Պոլսոյ կեդրոնը գտնուող առեւտուրի կեդրոն: Սանասարեան վարժարանը հիմնադրուած է 1881ին, Ս. Փեթերսպուրկ հաստատուած վրացահայ մեծահարուստ գործարար Մկրտիչ Սանասարեանի մեծ նուիրատուութեան շնորհիւ: 1800-ականներու վերջերուն առատաձեռն բարերարը վարժարանին նուիրեց յաւելեալ կալուածներ:

Մինչեւ 1915 թուական Սանասարեան վարժարանը զգալի դերակատարութիւն ունեցած է հայոց ազգային զարթօնքի վերելքի հարցով: Անիկա եւրոպական ոճով ազատական արուեստներու դպրոց էր, որուն նպատակն էր յատկապէս պատրաստել տարբեր ոլորտներու մանկավարժներ եւ մասնագէտներ, որոնք պիտի աջակցէին Արեւմտեան Հայաստանի տնտեսական զարգացման: Իր կարճատեւ գոյութեան ընթացքին վարժարանը տուաւ հարիւրաւոր շրջանաւարտներ, ներառեալ այնպիսիներ, որոնք մեծ պաշտօններ զբաղեցուցին հետագային: 1918-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարօ եղած է Սանասարեան վարժարանի սան:

Կարին քաղաքը կարեւոր կեդրոն էր Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր ղեկավարներուն համար, որոնք բնակութիւն հաստատած էին այնտեղ մինչեւ 1915 թուական: ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն մէկը` Ռոստոմը, նշանակուած էր Կարնոյ դպրոցական համակարգին, որ կը ներառէր նաեւ Սանասարեան վարժարանը:

1914-ին կայացած ՀՅԴ կուսակցութեան ճակատագրական 8-րդ Ընդհանուր ժողովի կարգ մը հանդիպումներ կայացան Սանասարեան վարժարանի հողատարածքին վրայ: Ժողովը ընդհատուեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի մեկնարկով: Երիտթուրքերու ղեկավարութիւնը Կարին ուղարկեց բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը` Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրողներէն մէկուն` Պեհաէտտին Շաքիրի գլխաւորութեամբ, որպէսզի ճնշում գործադրէ ՀՅԴ-ի վրայ` համագործակցելու համար թրքական կառավարութեան հետ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին: ՀՅԴ-ն մերժեց խնդրանքը: Վարժարանը փակուեցաւ 1915ի սկզբին, իսկ ամբողջ ուսուցչական կազմը եւ ուսանողներէն շատերը սպաննուեցան Ցեղասպանութեան ժամանակ: Շաքիր սպաննուեցաւ հայ վրիժառուներու ձեռքերով, 1922-ին, Պերլինի մէջ:

Ճակատագիրի հեգնանքով, քանի մը տարի ետք Կարինը հայ գործիչներու օճախէ վերածուեցաւ թրքական ազգայնամոլներու կեդրոնի, ուր 1919-ին Քեմալ Աթաթուրք գումարեց Էրզրումի պատմական համագումարը: Ներկայիս Սանասարեան վարժարանը կը գործէ իբրեւ թրքական թանգարան:

Անդրադառնալով դատավարութեան` հայոց պատրիարքարանի դատապաշտպան Ալի Էլպիօղլու «Հիւրրիյէթ» թերթին ըսաւ. «Սանասարեան» հիմնարկը նուիրաբերուած է պատրիարքարանին` բարերար Մկրտիչ Սանասարեանի կողմէ, 1880-ականներուն: «Սանասարեան» հիմնարկի խնամակալութիւնն ու տնօրինումը օրէնքով կը պատկանին պատրիարքարանին… Մենք պիտի չբաւարարուինք պատմական շէնքերու վերադարձով: Մենք փոխհատուցում պիտի պահանջենք կառավարութեան Հիմնարկներու գլխաւոր տնօրէնութենէն, 1936 թուականէն ի վեր պատրիարքարանին կրած վնասներուն դիմաց»:

Այս տարուան սկիզբը Հայոց պատրիարքարանը Հիմնարկներու գլխաւոր տնօրէնութեան ներկայացուց անջատ հայց մը, որով կը պահանջէր վերադարձնել Պոլիս գտնուող «Սանասարեան» առեւտուրի կեդրոնը (խան): Թէեւ դատարանը ժամանակաւոր արգելք դրաւ` սառեցնելով շէնքի տնօրինման հետ կապուած բոլոր գործարքները, սակայն Հիմնարկներու գլխաւոր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ պիտի չենթարկուի դատարանի հրամանին: Պատրիարքարանի դատապաշտպան Էլպիօղլու այս մասին անդրադարձաւ` յայտնելով. «Ասիկա կը հակասէ միջազգային իրաւական բոլոր չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ` Լոզանի պայմանագիրին: Պատրիարքարանին կը պատկանին գոյքին իրաւունքները», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»:

Անցեալին, երբ ես պատրիարքարանը քննադատեցի ազգային շահերուն դէմ յայտարարութիւններ կատարելուն համար, զիս մեղադրեցին, թէ ամբողջութեամբ չեմ գնահատեր այն իւրայատուկ պայմանները, որոնց տակ կ՛ապրին հայերը Թուրքիոյ մէջ, եւ ինծի թելադրեցին առաւել ըմբռնել, թէ անոնք, ըստ էութեան, Թուրքիոյ կառավարութեան պատանդներն են: Քանի որ այս յօդուածով ես կը գովաբանեմ պատրիարքարանին կողմէ ձեռնարկուած դատական գործողութիւնը, վախ ունիմ, որ իմ գովասանքն ալ իր կարգին կրնայ նոյնքան անհանգստութիւն պատճառել Թուրքիա ապրող որոշ հայերու: Ես պարզապէս կը փորձեմ ըլլալ արդար եւ անաչառ. կը քննադատեմ կամ կը գովաբանեմ` մեկնած իրավիճակի հանգամանքներէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES