Երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պետրոս Ժը. Պատրիարքին Նուիրուած Ակադեմական Յուշահանդէս Եւ Մեսրոպ Հայունիի Նորատիպի Շնորհահանդէս

Նախագահութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին շաբաթ, 24 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. պատրիարքի վախճանման առաջին տարելիցին առիթով ակադեմական յուշահանդէս` ներկայութեամբ հոգեւորականներու, քաղաքական գործիչներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Աթէշեան, որ նշեց, թէ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. պատրիարքը ծառայած է բոլորին` բարի հովիւը դառնալով ամբողջ լիբանանահայութեան:

Ապա ներկաները լսեցին երջանկայիշատակ պատրիարքին խօսքերէն հատուած մը, որմէ ետք Յովսէփ Ծ. վրդ. Թոփալեան ընթերցեց «Դո՛ւ, վեհափա՜ռ»-ը:

Պատրիարքին կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութեան յաջորդեց բանախօսութիւնը: Ռաֆայէլ արք. Մինասեան հաստատեց, որ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. պատրիարքը խաղաղասէր էր, հաշտարար, մասնագէտ, լսող ականջ, անկեղծ սիրով տոգորուած անձնաւորութիւն եւ հայ Կաթողիկէ համայնքի կազմաւորման ախոյեան:

Մինասեան արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ «Սիրոյ դեսպանը» պարզութեամբ կը զրուցէր բոլորին հետ եւ կ՛օժանդակէր բոլոր կարիքաւորներուն: Ան աւելցուց. «Լաւ է մարդ յարգել մահուընէ ետք, բայց աւելի լաւ պիտի ըլլար մահէս առաջ նոյնքան յարգանք եւ սէր վայելել»:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Արմէն եւ Աշոտ Ճէնտէրէճեաններ, որոնք ջութակով նուագեցին Վիվալտիի «Ատակիօ»-ն: Զուգանուգին դաշնակով ընկերակցեցաւ Իզապէլ Գայայեան:

Հանդիսութեան ընթացքին իր վկայութիւնը ներկայացուց Սարգիս Նաճարեան, որ յայտնեց, թէ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. պատրիարքը շրջահայեաց, համերաշխ, փափկանկատ- անշահախնդիր եւ հոգատար հայր մըն էր, որ կը գործէր ժողովուրդին մօտ, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար: Նաճարեան ներկայացուց 1988-ի երկրաշարժի շրջանին երջանկայիշատակ պատրիարքին հետ Հայաստան այցելութեան շուրջ օգտաշատ եւ դաստիարակիչ դրուագներ:

Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին կողմէ հինգ ստեղծագործութիւններու կատարումով: «Կռունկ»-ի ղեկավարն է դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան, իսկ խումբին դաշնակահարն է Թամար Գասապեան:

Մեսրոպ Հայունիի «Տեսայ ձեզ, ճանչցայ ձեզ եւ շատ սիրեցի ձեզ. Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց» նորատիպին ներկայացումը կատարեց հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ յայտնեց, թէ հեղինակը արդարամտութեամբ գրած է եւ ուզած է պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ ներկայացնել:

Վարդապետը աւելցուց, որ Հայունի խխոստովանած է, որ գործը ամբողջական չէ, եւ յոյս յայտնած` յառաջիկային հրատարակելու աւելի ծաւալուն հատոր մը: Հայր Վարդան Գազանճեան շեշտեց, որ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. պատրիարքին նուիրուած գործը պատմագրական, մատենագիտական, աղբիւրագիտական եւ վաւերական առումով ունի իր արժէքը, ինչ որ կը բացայայտուի հատորին մէջ:

Ապա հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նորատիպի գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը:

Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. պատրիարքին նուիրուած ակադեմական յուշահանդէսը փակուեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին պահպանիչով: Հանդիսութենէն ետք ներկաները ստացան Մեսրոպ Հայունիի նորատիպէն օրինակներ:

 

Share this Article
CATEGORIES