Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ընտրեց Քաղաքական Ու Կրօնական Ժողովները Եւ Հաշուեքննիչ Մարմինը
Ուրբաթ, 23 մարտ 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի եզրափակիչ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան 2011-ին իրականացած հաշուեկշիռը 2012-ի նախահաշիւ պիւտճէն, ինչպէս նաեւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրը: Ասոնց գծով տրուեցան անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ: Ժողովը նաեւ առաջարկներ եւ տեսակէտներ ներկայացուց նոր ընտրուելիք քաղաքական եւ կրօնական ժողովներուն:
Աւարտին ընտրուեցան քաղաքական եւ կրօնական ժողովները, ինչպէս նաեւ հաշուեքննիչ մարմինը:
Նորընտիր քաղաքական ժողովի անդամներն են`
Զօր. Փանոս Մանճեան
Րաֆֆի Քեչեճեան
Կրեկուար Ազար
Սիլվա Սաղըրեան
Ալիս Պօղոսեան
Վահան Գասարճեան
Հրայր Խաչատուրեան
Յակոբ Թերզեան
Սեւակ Փանոսեան
Կրօնական ժողովի անդամներն են`
Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան
Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան
Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեան
Արսէն քհնյ. Գասպարեան
Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան
Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան
Յովհաննէս քհնյ. Պոյաճեան
Հաշուեքննիչ մարմինի անդամներն են`
Միհրան Շիմշիրեան
Մարկոս Սնապեան
Յակոբ Քէշիշեան
Յակոբ Աբրահամեան

