ՓՈՐԹՈՒԳԱԼՑԻ ՔԻՒՅԵՐՈՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ

Քարլոս Քիւյերոս

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Քարլոս Քիւյերոս երէկ նշանակուեցաւ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, յայտնեց իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:

Քիւյերոս երէկ առաւօտուն Թեհրան ժամանելով իր այս պայմանագիրը կնքելու համաձայն գտնուեցաւ:

Նախապէս Հարաւային Ափրիկէի եւ Ռէալ Մատրիտի մարզիչը եղած փորթուգալցին, ըստ իր կնքած համաձայնագիրին, իր ամէն կարելին պիտի ընէ Իրանը հասցնելու 2014-ի Մոնտիալի աւարտականներուն:

Ըստ տեղական մամուլին, Քիւյերոս տարեկան պիտի գանձէ շուրջ 2 միլիոն ամերիկեան տոլար:

 

Share this Article
CATEGORIES