Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց 13-րդ Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայրենի Երեք Վարպետներ Ապահոված Են 4,5 Կէտ
Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի տղոց ճատրակի անհատական 13-րդ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ հայրենի երեք վարպետներ` Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան ապահոված են 4,5-ական կէտ` առաւելագոյն 6 կէտէն: Տասը ուրիշներ ապահոված են 5-ական կէտ:
4-ական կէտ ապահոված են Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան:
Մովսիսեան, Մելքումեան եւ Յակոբեան, այսօր պիտի մրցին իրենց նման նոյնքան կէտ ապահոված մրցակիցներու դէմ:
CATEGORIES Մարզական