Սփիւռքի Հայ Հրատարակչատուներուն,Գրողներուն Եւ Մտաւորականներուն ԿՈՉ
Ծանօթ է ձեզի, որ ամէն տարի, նոյեմբեր ամսուան առաջին օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կը մեծարուի հայ գիրքն ու մշակոյթը` շուրջ երեք շաբաթներու վրայ երկարող Հայ գիրքի ցուցահանդէսով:
33 տարին բոլորած այս նախաձեռնութիւնը ի մի կը խմբէ ո՛չ միայն լիբանանահայ հրատարակչատուներէն լոյս տեսած հայերէն գիրքերը, այլեւ Լիբանանի մերձակայ հայ գաղութներու մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքերը եւ հայութեան նուիրուած օտար գրականութիւնը:
Ցուցահանդէսին շրջանակը ընդարձակելու փորձին արձանագրած յաջողութենէն քաջալերուած, ինչպէս նաեւ մեկնելով գրահրատարակչութեան 500-ամեակին առիթով սուրբ աթոռոյս գահակալ վեհափառ հայրապետին 2012 տարին «Հայ գիրքի տարի» յայտարարելու որոշումէն` մտածեցինք Հայ գիրքի ցուցահանդէսը վերածել համասփիւռքեան նախաձեռնութեան:
Հետեւաբար, կը դիմենք ձեզի` ցուցահանդէսին ձեր մասնակցութիւնը ապահովելու սպասումով: Գործնական մանրամասնութիւններու մասին կը գրենք ձեզի, երբ ստանանք ձեր դրական պատասխանը, ուղղուած հետեւեալ հասցէին bookstock@armenianorthodoxchurch.org: Կանխաւ շնորհակալութիւն:
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ