«Շրջանին Մէջ Զերօ Խնդիրներ Ունենալու Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը Դրսեւորուած Է Զերօ Յարաբերութիւններով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախանցեալ օր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ներքին լիբանանեան շարք մը հարցերու, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն, յատկապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ տագնապն ու սուրիահայութեան իրավիճակը:

Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ՀՅԴ-ի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կուսակցութիւնը կը զօրակցի Սուրիոյ միասնականութեան:

«Թերեւս իբրեւ լիբանանահայութիւն մենք փոքր ածու ենք եւ մեր փորձառութիւնը աննշան է, սակայն իբրեւ ժողովուրդ մեր ունեցած փորձառութեան հիման վրայ մենք գիտենք, թէ եթէ Սուրիոյ տագնապը իր այս  ընթացքով շարունակուի, ապա երկիրը պիտի հասնի բաժանումի եւ պիտի պառակտուի: Հետեւաբար մեր մտավախութիւնը բռնարարքներն են եւ տեղի ունենալիք արտագաղթը, որուն ենթական պիտի ըլլայ քրիստոնեայ համայնքը, ըլլան անոնք հայեր, յոյն ուղղափառներ, յոյն կաթողիկէներ եւ ասորիներ: Այսինքն` մեր մտահոգութիւնն է շրջանը քրիստոնեաներէն, իրենց բնօրրանէն հեռացնելու քաղաքականութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ սուրիական վարչակարգը մինչեւ օրս պահպանած է Սուրիոյ բոլոր համայնքներն ու կրօնի ազատութիւնը, եւ ներկայիս սուրիացի քաղաքացին կը վախնայ փոփոխութենէն, որովհետեւ անիկա անորոշ է իրեն համար:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ինք սուրիահայութեան կամ ՀՅԴ-ի Սուրիոյ կառոյցին անունով չէ, որ կը ներկայացնէ իր կեցուածքները, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործող կուսակցութիւն է:

«Բայց եւ այնպէս կան հիմնական կէտեր, որոնք իմացած ենք Սուրիոյ կառոյցէն: Այդ կէտերուն հիման վրայ կարելի է շեշտել, որ ՀՅԴ-ն կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան, Սուրիոյ ազգային միասնականութեան ամրապնդումին եւ ժողովրդավարական վարչակարգին,մտքի ազատութեան, կրօնի ազատութեան եւ բոլոր ազատութիւններուն», ըսաւ ան:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանցիները պէտք չէ միջամուխ ըլլան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը որոշէ իր ճակատագիրը:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ սուրիահայութիւնը երբեք մաս չէ կազմած Սուրիոյ զինեալ բախումներուն:

Շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ շրջանին մէջ Թուրքիոյ որոշ դերակատարութիւն մը վստահուած է, իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին դրացի երկիրներուն հետ զերօ խնդիրներ ունենալու, այսօր նոյն երկիրներուն հետ զերօ յարաբերութիւններ ունին:

«Ամէն պարագայի Թուրքիոյ դիմակը ինկած է արդէն եւ թուրքերը իրենք կ՛ընդունին եւ կը հաստատեն, որ իրենք տակաւին օսմանեան երազը կը հետապնդեն եւ շրջանին դէմ օսմանեան նոր «յարձակում» մը կը սանձազերծեն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ այդ յարաբերութիւնները սերտացնելու փորձերով լիբանանցիները կ՛անտեսեն լիբանանահայութիւնը: Յ. Բագրատունի պահանջեց յարգել լիբանանահայութեան զգացումները եւ դասեր քաղել Թուրքիոյ հետ անոր ունեցած փորձառութենէն` հաւանական այլ փորձանքներու առաջքը առնելու համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան այցելութիւններուն, յատկապէս երեսփոխան Միշել Մըրին հետ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումին ընտրական բնոյթ տալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ միայն ընտրական հաշիւներով գործող ոեւէ կուսակցութիւն անպատճառ կը ձախողի: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու ղեկավարներուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կատարած այցելութիւնները կարելի չէ ընտրական շրջագիծի մէջ ներառել:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին հետ իր քաղաքական եւ ընտրական դաշինքով հանգիստ է, հետեւաբար ոչ մէկ պատճառ կը տեսնէ փոփոխութեան ենթարկելու այդ դաշինքը: «Նաեւ կ՛ուզեմ աւելցնել, որ Մըր ընտանիքին հետ մեր տարիներու բարեկամութիւնը կը շարունակուի եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ ընտրական դաշինք մը ունենանք նաեւ անոր հետ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն կը հաւատայ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան, «եւ բոլորը պէտք է հասկնան, որ մենք քուէներ չենք միայն», աւելցուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սկսած է այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ ինք խօսքի կառավարութիւն է եւ ոչ թէ գործի:

Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութեան մօտ ելեկտրականութեան թղթածրարը միակ փշոտ հարցը չէ, այլ` կառավարութեան մօտ հսկայ տարակարծութիւն պատճառող հարցերէն մէկը:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան թղթածրարին` Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, որ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այդ հարցին յարմար լուծում մը ունէր, ապա ան ինչո՞ւ այդքան սպասած էր եւ իր առաջարկը չէր ներկայացուցած:

«Տասնեակ տարիներ ելեկտրական հոսանքի անջատման վարժ լիբանանցի քաղաքացին կրնայ տակաւին շաբաթ մը եւս սպասել` ելեկտրականութեան թղթածրարին մնայուն լուծում ապահովող առաջարկին վաւերացման համար, սակայն կարեւորն ու անհրաժեշտը կառավարութեան աշխատանքը արդիւնաւէտ դարձնելն է», ըսաւ Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ կարեւոր չէ, թէ որո՛ւն օրով կամ ո՛ր պատասխանատուին ծրագիրով կարելի կ՛ըլլայ լուծել երկիրը եւ քաղաքացին յուզող այդ լուրջ հարցը:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ «ներկայիս լիբանանեան ընդդիմութիւնը կը փափաքի կառավարութեան հրաժարումը եւ այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր հարց խոշորացոյցով պիտի դիտուի, սակայն ես համոզուած եմ, որ ելեկտրականութեան թղթածրարին հարցը կարելի կ՛ըլլայ լուծել առանց զայն տագնապի վերածելու»:

«Լիբանանի ներքին կացութեան ու ապահովական կայունութեան պահպանումը անհրաժեշտ է, եւ կառավարութեան հրաժարումով կրնանք ստեղծել տագնապ մը, որուն սկիզբը կրնանք գիտնալ ինչ է, սակայն աւարտը կրնայ շատ անորոշ ըլլալ: Մենք համոզուած ենք, որ երկրին կայունութիւնը կարեւոր է եւ ոչ ոքի փափաքներուն պիտի ընդառաջենք», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Նախկին նախարար Շարպել Նահհասի հրաժարականին եւ անկէ առաջ ու վերջ երկրին մէջ տիրող պայմաններուն մասին կատարուած ընդհանուր ակնարկի մը շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքը եւ իշխանութիւնները հասնին Շարպել Նահհասի նման յարգուած անձնաւորութիւնները արժեւորելու հանգրուանին:

Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակման առումով Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այդ պաշտօնին համար ատակ դատաւորի մը նշանակումը անհրաժեշտ է:

Այս թղթածրարին լուծման առումով նաեւ երեսփոխան Բագրատունի լաւատեսութիւն յայտնեց` յուսալով, որ մինչեւ յունիս այդ նշանակումը արդէն իսկ կը կատարուի:

Մարոնի կարգ մը երեսփոխաներու կողմէ Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով Պքերքէի մէջ մատուցուած պատարագին ներկայ չգտնուելու երեւոյթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պէտք չէ հոգեւորականներն ու հոգեւոր պետերը քաղաքականութեան միջամուխ դարձնել:

«Մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին քաղաքական կեցուածքներ չենք պարտադրեր, նոյնը կը կատարէ նաեւ կաթողիկոս` Ազգային սահմանադրութեան հիմամբ: Անշուշտ կաթողիկոսը իբրեւ հոգեւոր պետ իր կեցուածքները ունի, նոյնպէս ալ Ռայի պատրիարքը իր կեցուածքները ունի», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն իրականութիւնը, որ հոգեւոր պետը համայնքի բոլոր զաւակներուն հոգեւոր հայրն է: «Հետեւաբար, երբ հոգեւոր պետի մը կեցուածքներուն ու տեսակէտներուն համաձայն չեմ, չի նշանակեր, որ պէտք է այդ հոգեւոր հեղինակութեան դէմ կեցուածք ճշդեմ», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

 

Share this Article
CATEGORIES