Արցախ. Անցեալ Շաբաթ Զինադադարը Խախտուած Է Շուրջ 250 Անգամ
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով` նախորդ շաբթուան ընթացքին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակ կողմէն արձանագրուած են զինադադարի դրութեան աւելի քան 250 խախտումներ, որոնց ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են շուրջ 1500 կրակոցներ:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը` հաւատարիմ մնալով զինադադարի պահպանման դրութեան, մարտագիծի ամբողջ երկարութեամբ վստահօրէն իրականացուցած են մարտական հերթապահութիւն:
CATEGORIES Հայկական

