ՀՅԴ Առաջին Նախընտրական Հանրահաւաքը` 10 Ապրիլ Ին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան երէկ news.am լրատուական կայքէջի թղթակիցին յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի առաջին նախընտրական հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ 10 ապրիլին` Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ հանրահաւաքին, Սպարտակ Սէյրանեան նշեց, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մարզերուն մէջ: Զրուցակիցը դժուարացաւ ճշգրիտ ժամկէտ ճշդել:

Սպարտակ Սէյրանեան անտրամաբանական նկատեց այն հարցումը, թէ Դաշնակցութիւնը որքա՞ն մասնակից կ՛ակնկալէ իրենց հանրահաւաքին: Ան նաեւ զարմանք յայտնեց թղթակիցին հանրահաւաքի առանձին կարգախօսի մասին հարցումին առնչութեամբ:

«Կուսակցութիւնը կարգախօս ունի: Ո՞ւր լսուած է, որ հանրահաւաքը եւս կարգախօս ունենայ», հարց տուաւ ան:

Նշենք, որ ՀՅԴ-ի հանրահաւաքի կայացման մասին համապատասխան դիմումը արդէն ներկայացուած է Երեւանի քաղաքապետարանին:

Share this Article
CATEGORIES