«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքէջի Այս Ամսուան Պատկերը
Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, անոնց վերաբերող վերլուծական գրութիւններն ու անդրադարձները, ինչպէս նաեւ հայկական տարբեր հարցերու մասին օտար մտաւորականներու կարծիքն ու տեսակէտը տեղ գտած են «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջին մէջ:
Արդարեւ, լուրերու կարգին կը կարդանք Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային յարաբերութիւններուն, Գահիրէի մէջ Հայաստանի
դեսպանին կողմէ տրուած այցելութիւններուն եւ ունեցած հանդիպումներուն, Իրանի մէջ հայ երկու երեսփոխաններու` Կարէն Խանլարեանի եւ Ռոպերթ Բեգլարեանի երեսփոխան ընտրութեան մասին: Ղպտիներու հոգեւոր գերագոյն պետ Շնոտա Գ. պապի յուղարկաւորութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ուղարկուած ցաւակցագիրը, Կարսի բերդի խղճալի վիճակը, յատկապէս վերջին շրջանին հոն արձանագրուած աւերումներէն ետք, Գերմանիոյ արտաքին գործոց
նախարարին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը իրենց տեղը կը գրաւեն լրատուական բաժինին մէջ: Կը կարդանք նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի
Կեդրոնական կոմիտէին տրուած այցելութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի
նախարարութեան նախաձեռնութեամբ վիրչուըլ թանգարանի հաստատումը, ինչպէս նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ հնչած ահազանգները` Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան բացակայութեան մասին:
«Կիզակէտ» բաժինին մէջ կը կարդանք Գահիրէի եւ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւններուն հակազդեցութիւնն ու անոնց կատարած յայտարարութիւնը` Խոջալուի եւ Սումկայիթի դէպքերուն վերաբերեալ ազրպէյճանական մամուլին մէջ շրջան ըրած խեղաթիւրուած
լրատուութեան մասին: Անդրադարձ կատարուած է Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւններուն` Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը
քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ, Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնին Թուրքիոյ մէջ ցուցադրութեան,
Գերմանական մարդկային ու համերաշխութեան կազմակերպութեան կողմէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մրցանակ տալէ հրաժարումին, Թուրքիոյ բանտերուն մէջ տիրող խայտառակութեան մասին տեղեկութիւններուն եւ այլն:
Հայկական իրադարձութիւններուն վերաբերող բաժինով կը կարդանք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած ցոյցին ընթացքին դերասան Ճորճ Քլունիի ձերբակալութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ հակահայ «Մեծ խաղ» ֆիլմաշարի ցուցադրութեան եւ «Քասիուն» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մասին, որ կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած կնոջ մը:
Մշակութային եւ գրական բաժինով տեղ գտած է անդրադարձ մը Լիբանանի մէջ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ցուցահանդէսին եւ արուեստին մասին, Պերճ Ֆազլեանի հետ «Ախպար» օրաթերթի կատարած հարցազրոյցը, Չարենցի ծննդեան 115-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները, Սիլվա Կապուտիկեանին բանաստեղծութիւններուն թարգմանութիւնները:
Կայքէջին վրայ թարգմանաբար կամ տարբեր թերթերէ քաղուածաբար տեղ գտած են նաեւ տարբեր բնոյթի յօդուածներ, լրատուութիւններ, որոնք հետաքրքրութեամբ կ՛ընթերցուին յատկապէս արաբ ընթերցողին կողմէ:

