Յունաստանի «Գետնախնձորի Յեղափոխութիւն»-ը

«Եւրոնիուզ» կը հաղորդէ, որ մինչ տնտեսական խիստ սեղմումի միջոցառումներուն պատճառով յոյներուն դրամապանակները նկատառելի կերպով «նիհարցած» են, յոյն հողագործները տիրող կացութեան դէմ կը մղեն պայքար մը, որ կրած է «Գետնախնձորի յեղափոխութիւն» անունը:

Գաղափարը ինքնին պարզ է. անոնք իրենց արտադրած գետնախնձորը ուղղակի սպառողներուն կը ծախեն` առանց միջնորդներու, առանց ցրուիչներու եւ բնականաբար աւելի արժան գինով, քան սննդամթերքի վաճառատուները:

Այս հնարքը միայն գետնախնձորի վաճառքին մէջ չի կիրարկուիր, այլ նաեւ այլ սննդեղէնի համար, ինչպէս` բրինձ, ալիւր, ձիթաիւղ:

Հողագործները կը յայտնեն, որ ուղղակի առուծախի այս դրութիւնը լուրջ կերպով կը մրցակցի սննդամթերքի մեծ վաճառատուներուն հետ, որոնք արդէն իսկ իրենց ծախած կարգ մը մթերքներուն գիները նուազեցուցած են:

Share this Article
CATEGORIES