Պաղըշ Հէյպելիի Դպրեվանքի Հարցը Կը Կապէ Յունաստանի Կողմէ Փոխադարձ Քայլի

Էկեմեն Պաղըշ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար եւ Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ երկուշաբթի օր լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին պատասխանելով Հէյպելիի յոյներու դպրեվանքի բացման հարցին վերաբերող հարցումի մը յայտնած է, որ ինք կողմնակից է, որ դպրեվանքը բացուի, դպրեվանքի բացումը Թուրքիոյ համար որեւէ վտանգ չի ներկայացներ, սակայն պայման է անշուշտ, որ Յունաստանն ալ լուծում գտնէ Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեան հարցերուն: Ան ըսած է, որ թէեւ չի փափաքիր այս խնդիրը փոխադարձութեան սկզբունքին կամ փոխադարձութեան պայմանին կապել, սակայն ի վերջոյ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ Յունաստանն ալ Թուրքիոյ հետ միաժամանակ քայլեր առնէ Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեան խնդիրները լուծելու համար:

«Ես կը մտածեմ, որ ժամանակը եկած է, որ Յունաստանն ալ շարժի իր պատասխանատուութիւններուն գիտակցութեամբ, ըսած է Պաղըշ:

«Մարմարա» կը գրէ, որ որքան ալ թուրք քաղաքագէտները չուզեն այս հարցը փոխադարձութեան սկզբունքին կապել, յայտնի է, որ դպրեվանքին վերաբերեալ դրական նոր քայլ մը պիտի չառնուի, այնքան ատեն որ Յունաստանն ալ Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք բնակչութեան առնչութեամբ նոյնը չընէ:

 

Share this Article
CATEGORIES