ԺԵՄԱՅԷԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԱԶՄԵԼ»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան անդունդին եզրին կը գտնուի եւ կարելի չէ արտօնել, որ երկրին մէջ անիշխանութիւնը շարունակուի` նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատասխանատու է Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` աւելցնելով, որ ան պէտք է լիբանանեան հանրութիւնը տեղեակ պահէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ անոր դիմագրաւած խոչընդոտներուն մասին:

Այս ծիրին մէջ ան պատասխանատու նկատեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը` առաջարկելով, որ անոր նախագահութեամբ կազմուի լիբանանցիներուն միջեւ հաղորդակցութեան ազգային փրկութեան խորհուրդ մը:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ իբրեւ երկրին իրաւարարը` հանրապետութեան նախագահը պէտք է նպաստէ անոր հարցերուն լուծման, իսկ անոր պէտք է օժանդակեն նաեւ իշխանութեան միւս պետերը:

 

Share this Article
CATEGORIES