Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ «Արկածներուն Կանխարգիլումը Տարեցներուն Մօտ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 28 մարտ  2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արկածներու կանխարգիլումը տարեցներուն մօտ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան:

 

Առողջապահական յանձնախումբին ներկայացուցիչը բացման խօսքով ծանօթացնելէ ետք դասախօսը` ներկայացուց այն փոփոխութիւնները, որոնք կը յատկանշուին տարեցներուն մօտ` տեսողութեան, լսողութեան, յիշողութեան եւ այլ մարզերու մէջ, փոփոխութիւններ, որոնք կրնան առիթ ստեղծել արկածներու: Հետեւաբար ախտաճանաչումը եւ բժշկական հետեւողական քննութիւնները անհրաժեշտ են հսկողութեան տակ պահելու տարբեր արկածներ, որոնք կը պատահին յառաջացած տարիքին:

 

Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան դասախօսութեան սկիզբը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին, կեդրոնի տնօրէնութեան ու նախազգուշական բաժանմունքին, որոնք հաւաքական աշխատանքով կը շարունակեն իրենց մեծ առաքելութիւնը: Դասախօսը նշեց, որ բոլոր ծառայութիւններուն կողքին հայ կինը զինելով առողջապահական, բժշկական գիտելիքներով, կը պատրաստենք առողջ ընտանիքներ եւ ազգ:

 

Տոքթ. Վարդապետեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով ծերութիւնը` նշելով միաժամանակ, որ անիկա հիւանդութիւն չէ, կը սկսի 70-75 տարեկանին ու մարդ անհատը հարիւր տարի ապրելու կարելիութիւնը ունի: Իսկ ո՞վ է տարեցը, ան այն անձն է, որ բազմատեսակ դժուարութիւններ կ՛ապրի, ինչպէս` ֆիզիքական, հոգեկան եւ տնտեսական:

 

Դասախօսը յաջորդ բաժինով ներկայացուց այն նշանները, որոնք կը յատկանշուին ծերութեան շրջանին: Անոնք կրնան ըլլալ`

Բջիջներու կորիզային տկարացումը:
Բջիջներու վերանորոգման չքացումը:
Երակներու առաձգականութեան կորուստը:
Մորթի բարակացումը:
Կնճիռը:
Հերաթափութիւնը:
Մկանային ուժի տկարացումը:
Յիշողութեան տկարացումը:
Տեսողութեան, հոտառութեան, լսողութեան եւ համտեսելու կարողութեան տկարացումը:
Ոսկրափտումը:

 

Շարունակելով դասախօսութիւնը` տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան թուեց տարբեր ազդակներ, որոնք պատճառ կը դառնան շուտ ծերանալու:

ա- Ամուսնական կեանքը իր դրական ազդեցութիւնը ունի երկարակեցութեան:
բ- Կիները աւելի երկար կ՛ապրին, քան այրերը:
գ- Մայրացումը դեր ունի երիտասարդ մնալու մէջ:
դ- Քունը իր կարեւոր դերը ունի:
ե- Ալքոլը ունի իր ժխտական ազդեցութիւնը:
զ- Ծխելը նոյնպէս:
է- Ճիշդ չէ այն համոզումը, թէ նիհարները աւելի երկար կ՛ապրին:
ը- Մարմնամարզը  աւելի երիտասարդ կը պահէ:

 

Արկած ըսելով մենք պէտք է հասկնանք պատահար, փորձանք , աղէտ: Պէտք է յիշել նաեւ, թէ 28 ապրիլը Արկածներու միջազգային օրն է:

 

Դասախօսը նշեց, որ 1984-ին Քանատան 28 ապրիլը հռչակեց Արկածներու միջազգային օր, իսկ 1989-ին Միացեալ Նահանգները, ապա Եւրոպան, Ափրիկէն եւ Ասիան շարունակեցին հռչակել: Ամէն 15 երկվայրկեանի մէջ արկածի պատճառով մէկ մահ կը պատահի, իսկ 6000 աշխատաւոր օրական կը մահանան արկածէ:

 

Շարունակելով խօսիլ արկածներու մասին` դասախօսը ներկայացուց այն վայրերը, ուր արկածները կրնան պատահիլ` տուներու մէջ, աշխատանքի վայր, ճամբու վրայ, մարզախաղերու ընթացքին, ճամբորդութեան եւ դպրոցներու մէջ:

 

Վերջին բաժինով տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան մանրամասնօրէն ներկայացուց արկածներու տեսակները եւ ինչպէ՛ս պէտք է կանխարգիլել զանոնք:

 

Արկածներու տեսակները.

1. Իյնալը:
2. Սրածայր գործիքներէ վնասուիլը:
3. Խեղդուիլը (ջրահեղձութիւնը):
4. Խեղդումը:
5. Այրիլը:
6. Տարբեր վէրքերու տեսակները:
7. Հրդեհը:
8. Թունաւորուիլը:
9. Խայթուածքը:
10. Անասուններու կողմէ խածուիլը:
11. Ելեկտրականութեան հոսանքէ վնասուիլը:
12. Օտար մարմնի մուտքը աչքի, քիթի, ականջի եւ կոկորդի մէջ:
13. Սառնարանը եւ մեր առողջութիւնը:
14. Արիւնահոսութիւնը:

 

Աւարտին տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց` տալով յաւելեալ բացատրութիւններ եւ օրինակներ:

Share this Article
CATEGORIES