Դահուկարշաւ. Սնոպորտի Ախոյեանութիւն` Լաքլուքի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, Լաքլուքի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի սնոպորտի ախոյեանութիւնը, որ ընթացաւ բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, որովհետեւ պայքարը սուր էր մասնակցողներուն միջեւ:

Տղոց դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Նաֆեզ Թոք (Սուքուր Արզ ակումբ 2’01”84), իսկ աղջկանց պարագային նոյն ակումբին մաս կազմող Մարուա Հաժ գրաւեց առաջին դիրքը (2’22”98):

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Թոնի Խուրի, քարտուղար Էտմոն Քէյրուզ, գանձապահ Նշան Համամճեան եւ այլ անձեր:

 

Share this Article
CATEGORIES