Ֆութպոլի Տարօրինակութիւններու Աշխարհէն. Հինգ Կարմիր Քարտ` Հանդերձարանին Մէջ
Անգլիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը, թէեւ Պրետֆորտ Սիթի իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ա. դասակարգ բարձրանալու համար պայքար մղող Քրոլի Թաունէն, սակայն մրցումէն ետք պատահեցաւ քիչ մը տարօրինակ դէպք մը:
«Պի. Պի. Սի.» կը յայտնէ, որ օրուան իրաւարարը` ուղղուելով հանդերձարան, հինգ մարզիկ մէկ կողմ կանչելով անոնց տուաւ կարմիր քարտ:
Պրետֆորտի մարզիչ Ֆիլ Փարքինսոն, որուն մարզիկներէն երեքը կարմիր քարտ ստացան, յայտնեց ըսելով, որ առաջին անգամ ըլլալով նմանօրինակ պարագայի մը դէմ յանդիման կը գտնէ ինքզինք` մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական

