Թուրք Նախարարի Մը Վրայ Կօշիկ Նետած Են
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Էրտողան Պայրաքթարի վրայ Օքան համալսարանին մէջ կօշիկ նետած են: Ուսանողներուն կատարած այս «բողոքի արարք»-ին ընթացքին վեց ուսանող ձերբակալուած է:
Նախարարի ելոյթին ընթացքին ուսանողները սկսած են բողոքել եւ կարգախօսներ բացագանչել: Ոստիկանները փորձած են խանգարել ուսանողներուն, սակայն նախարար Պայրաքթար ուզած է, որ ուսանողները ազատ արտայայտուին: Այդ ընթացքին ցուցարար աղջիկներէն մէկը վէճի բռնուած է իրեն արգելք հանդիսանալ փորձող ոստիկաններուն հետ: Վէճի ընթացքին նախարարը ժպտացեր է, ինչ որ ցուցարարը զայրացուցած է: Ան իր կօշիկը հանելով ամպիոնին վրայ գտնուող նախարարին ուղղութեամբ նետած է, սակայն կօշիկը թիրախին չէ դպած:
Ատկէ ետք ոստիկանները հեռացուցած են նշեալ աղջիկը, ինչպէս նաեւ կարգախօսներ բացագանչած եւ պաստառներ բարձրացուցած երիտասարդները: